2015-02-11 11:21:02

Վարդանանց նուիրուած հանդիսութիւն Լիբանանի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս


Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015-ին, Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտները առանձին հանդիսութեամբ մը նշեցին Վարդանանց Տօնը: Հանդիսութեան ներկայ եղան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ. Վրդ. Պահէ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան:
Օրուան պատգամախօսն էր Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան: Ան ժամանակակից արհեստագիտութեան եզրաբանութիւն օգտագործելով, աշակերտներուն ներկայացուց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց սերունդի աւանդն ու հանգանակը, զոր ան խտացուց երեք հասկացութիւններու մէջ՝ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ սրբազան խենթութիւն: Քահանայ հայրը Ղեւոնդ երեցի կերպարը ներկայացուց իբրեւ պատկանելիութեան, իսկ Վարդան Մամիկոնեանինը՝ իբրեւ ինքնութեան խորհրդանիշ, շեշտելով, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր սրբազան խենթութիւնը այդ երկու յատկանիշները միատեղ ապրիլն է: “ Խենթը մեր նահատակներն են, որոնք փոխանակ իրենց գլուխները կակուղ բարձի վրայ հանգչեցնելու, նախընտրեցին անապատի սովը եւ լեռներու ժայռաբարձը. Խենթը այն է, որ փոխանակ ապրելով մեռնի՝ կը նախընտրէ մեռնիլ՝ յաւերժ ապրելու համար”, ըսաւ տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան: Քահանային պատգամը յատկանշուեցաւ սրութեամբ, շեշտակիութեամբ եւ հայ ազգային ներկայ կեանքին վերաբերեալ հատու դիտողութիւններով, աշակերտներուն ուղղուած ոգեպնդող հաստատումներով:
Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շեշտեց Վարդանանց աւանդին ու կտակին հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը, որպէս հիմնաքար հայ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան եւ որպէս ամենավառ օրինակ՝ յանուն խղճի եւ ազգային մշակոյթի պաշտպանութեան հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան աշակերտներ Սթեֆանի Պալթայեան ( Ասմունք՝ “Վարդանատօն”, Ժաք Ս. Յակոբեան) եւ Նայիրա Պաղտասարեան (երգ՝ “Վաղ թէ ուշ”), իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց Արազ Ապաճեան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.