2015-02-11 09:55:21

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութիւնը հայող Ուկրանիոյ տագնապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռը մօտէն կը հետեւի աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող տագնապներու, անոնց կարգին` արեւելեան Ուկրանիոյ շրջանները, ուր օրէ օր բախումները կը սաստկանան եւ որու հետեւանքով բազմաթիւ անհատներ զոհ կ՛երթան, իսկ անմեղ քաղաքացիներ իրենց բնակարաններէն հեռացած են ու դժուար պայմաններու ենթարկուած են։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բազում անգամներ կոչ ըրաւ հաշտութեան ու խաղաղութեան ու հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած խաղաղութեան ու հաշտութեան հաստատումին համար։
Բազմաթիւ զոհերու ու վիրաւորեալներու ի տես` Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ երկկողմերը կլոր սեղան նստիլ ու դիմել երկխօսութեան որ է միակ ճամբան խաղաղութեան ու հաշտութեան հաստատումին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` անցեալ չորեքշաբթի օրը 4 Փետրուար 2015-ին անգամ մը եւս իր կոչը ուղղեց երկու խմբերուն` քաջալերելով զանոնք գործադրելու ստորագրուած համաձայնութիւնները ու կրկնեց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին խօսքը. ''մարդկութիւնը պէտք է քաջութիւնը ունենայ փոխելու ոյժի իրաւունքը, իրաւունքի զօրութեան հետ''։
Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ կը սպասէ հանդիպիլ Ուկրանիոյ եպիսկոպոսներուն հետ, հնգամեայ այցելութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ի ունենայ` 16-21 Փետրուար 2015։ Անիկա բարեպատեհ առիթ մը պիտի հանդիսանայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար, ուղղակիօրէն ճանչնալու անցուդարձները։








All the contents on this site are copyrighted ©.