2015-02-11 09:46:19

Հռոմի մէջ Ռայի Պատրիարք - Ֆրանսուա Ժիրօ հանդիպում։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի հետ` ներկայութեամբ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Քալիկըր եպիսկոպոսին եւ Վատիկանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ժուպերի:
Մարոնի պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Ժիրօ Ռայի պատրիարքին ներկայացուց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով Միջին Արեւելքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ թափուր մնացած նախագահական աթոռի դրութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, Լիբանանի մէջ այդ իմաստով առնուելիք քայլերը եւ այդ իմաստով բարեկամ երկիրներուն, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Վատիկանի ունենալիք ներդրումը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի դերակատարութիւնը պահպանելու, երկրին քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատելու եւ անոր պատգամ երկիր ըլլալու, ի մասնաւորի ազգային համակեցութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու յատկանիշները ամուր պահելու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.