2015-02-10 13:39:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի օրուան քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 10 փետրուարի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի Ս. Պատարագին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ մեկնեց օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածներու պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ՝ ''այն անհատը, որ ճանապարհի վրայ կամ ընթացքի մէջ չէ, երբեք պիտի չճանչնայ Աստուծոյ պատկերը։ Այն քրիստոնեաները, որոնք դադարումի վիճակի մէջ են՝ նստած կամ հանգստաւէտ, երբեք պիտի չճանչնան եւ չգտնեն Աստուծոյ դիմագիծը։՚
Ճանապարհի վրայ ընթանալու համար՝ կարիք կայ անձկութեան կամ անհանդարտութեան ներքին մղումի, զորս Աստուած մեր սրտին մէջ դրած է, որպէսզի զԻնք փնտռենք եւ Իրեն տենչանք։
Սրբազան Քահանայապետը խորացաւ օրուան Մարկոսի Ս. Աւետարանի հաղորդած դրուագին վրայ՝ ուր Յիսուս կը վիճաբանի փարիսեցիներուն, եւ այն ժողովուրդին հետ, որոնք գոհ էին իրենց պատկերացուցած լոկ ծաղրանկարով մը, որ ամենեւին Աստուծոյ պատկերը չէր։
Այս անհատները զԱստուած կը նկարեն պատուիրաններով միայն, եւ սակայն կը մոռնան կենդանի Աստուածը, ինչպէս կ’ըսէ Յիսուս՝ ՙԱստուծոյ պատուիրանները թողած՝ մարդոց աւանդութիւնը կը պահէք։ Աստուծոյ պատուիրանը լաւ մը կ՛անարգէք, որպէսզի ձեր աւանդութիւնը հաստատէք՚։ (Մրկ Ա. 8-9) Այդ անհատները հեռու Աստուծմէ՝ նաեւ չէին ընթանար դէպի Աստուած։ Այսպիսի անձեր՝ երբ անորոշութեան մէջ տապալին, կը ստեղծեն նոր պատուիրան մը՝ հեռու Աստուծմէ։
Սրբազան Քահանայապետը յիշեց, որ օրուան ընթերցումները մեր անհատականութեան նկարագրային երկու կէտ կը նշեն։
Նախ՝ Աստուծոյ մեզի շնորհած ինքնութեան պարգեւը։ Այն ինչ որ մենք ունինք, Աստուծմէ կու գայ. Աստուած տուած է մեզի ինքնութիւն եւ նկարագիր։
Եւ երկրորդ՝ Աստուծոյ կոչը, որ չյամենանք հանգստաւէտութեան մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ՝ Աստուած խօսքը մեզի ուղղելով կը յորդորէ՝ ճամբայ ել, որպէսզի ինքնութեանդ գիտակցիս. դուն Աստուծոյ պատկերն ես, ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեամբ։ Ճամբայ ել եւ փնտռէ զԱստուած։ Հանգստաւէտութեան մէջ մի յամենար, եւ պահէ այս բոլոր պատուիրանները։՚
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը ըսաւ՝ Աստուած բոլորիդ տայ շնորհք եւ ոյժ՝ միշտ ճանապարհի վրայ յառաջացման ընթացքի մէջ մնալու եւ փնտռելու Աստուծոյ դիմագիծը՝ այն դիմագիծը, որուն տեսութեան օր մը պիտի արժանանանք՚։








All the contents on this site are copyrighted ©.