2015-02-10 13:37:23

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը՝ Կարդինալ Ժոզէֆ Պէքէրի մահուան ի լուր։


Երեքշաբթի 10 փետրուար 2015-ին պատահած,Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` կարդինալ Ժոզէֆ Պէքէրի մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց, Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Փաքոնիի։
Հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր խորին ցաւակցութիւնը ու անսահման երախտագիտութիւնը` ննջեցեալ կղերականին նկատմամբ, բազմաթիւ տարիներու ընթացքին՝ անոր դաստիարակչական, նոր սերունդներու կազմաւորումի, եւ Աստուծաբանական փնտռտուքներու գործունէութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապահովեցնելով ապա իր աղօթքները, Տիրամօր եւ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի բարեխօսութեամբ, Աստուծմէ հայցեց որ ննջեցեալին շնորհէ՝ ''հաւատարիմ առաքեալներու խոստացած յաւիտենական կեանքը'' ու ապա Յիսուսեան Միաբանութեան մեծաւորին ու բոլոր ննջեցեալ կարդինալը ճանչցող անհատներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.