2015-02-10 08:37:19

Ֆավարայի մէջ միջկրօնական քայլարշաւ խաղաղութեան ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 26 Փետրուարին, Իտալիոյ Ակրիճենթօ նահանգի ֆավարա վայրէն սկիզբ պիտի առնէ միջկրօնական քայլարշաւ մը, նախաձեռնութեամբ տեղացի ֆրանչիսկեան միաբանութեան հայրերուն, որոնք բազմաթիւ տարիներէ կը հիւրընկալեն գաղթականները։
Միջկրօնական քայլարշաւին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը բազմաթիւ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու`“Nous sommes” բնաբանով։
Քայլարշաւին նպատակն է հրաւիրել որեւէ մշակոյթի կամ կրօնի պատկան նոր սերունդը, կեանքին ընթացքին, միասնաբար քալելու ու երկխօսելու ու միաժամանակ դաստիարակել նոր սերունդը մտածումի, արտայայտութեան ու խօսքի ազատութեան ու համակեցութեան։
''Ասիկա առիթ մը պիտի հանդիսանայ երկխօսութիւն հաստատելու բոլոր ժողովուրդներու միջեւ'' յայտնած է ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ Եղբայր Ճուզեփփէ Մաճճորէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.