2015-02-09 10:47:07

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Հռոմի Փիեթրալաթայի շրջանի մէկ ժողովրդապետութեան։


''Պատերազմը սատանայի գործ է, միմիայն Յիսուս խաղաղութիւն կու տայ''։

''Աշխարհի մէջ բազմաթիւ են պատերազմները, ամէնքը գործն են սատանայի, Յիսուս միայն խաղաղութիւն կու տայ եւ կը սերմանէ միութիւնը։ Այս պատճառաւ հարկաւոր սովորութիւն դարձնել ամէն օր Աւետարանը կարդալը''։ Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Pietralata ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն, կիրակի 8 փետրուարի յետմիջօրէին կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ծխական խորհուրդի զանազան մարմիններուն հետ եւ ապա մատուցեց սուրբ Պատարագի արարողութիւն։
Հովուական այցելութիւնը սկսաւ ոչ նախատեսուած յայտագրով մը` Սրբազան Քահանայապետի գնչուներու մէկ կեդրոնի` “Campo Arcobaleno” կատարած այցելութեամբ, ուր բնակութիւն հաստատած են գաղթական ափրիկեցիներ, լատին ամերիկացիներ, ռուսեր եւ ուքրանացիներ։ Յանկարծակի բերելով բոլոր բնակիչները ու ջերմացնելով անոնց սրտերը, սրբազան հայրը այս հակիրճ այցելութիւնը աւարտեց ''Հայր Մեր'' տէրունական աղօթքով։
Այսպէս սկսաւ Սրբազան Հօր ս. Միքայէլ հրեշտակապետի ժողովրդապետութեան այցելութիւնը որ ապա հանդիպում ունեցաւ անօճախ մի քանի անհատներու հետ, որոնք խնամուած են Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան կողմէ, ու անոնց արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ` ձեր բոլորին սրտին մէջ, կնքուած կամ ոչ, կը բնակի Ս. Հոգին։
Սրբազան Հայրը ապա Քրիստոնեայ ընտանիքներուն ըսաւ ''ձեր մանուկներուն քրիստոնէական սորվեցուցէք, խաչ հանել սորվեցուցէք։ Իսկ պատասխանելով պատանիներու հարցումներուն ըսաւ. ''Պատերազմներու հայրը սատանան է, քանի ան հայրն է սուտի, խաբէութեան, որովհետեւ ան միութիւնը չուզեր, եթէ ձեր սրտին մէջ նախանձ կայ, անիկա Աստուծմէ չի գար''։
Սրբազան Հայրը պահ մը խոստովանարան նստելէ ետք պատարագ մատուցեց եւ քարոզին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները անսալու Յիսուսի խօսքին, որ կը գտնենք Աւետարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.