2015-02-09 12:35:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 փետրուարի քարոզը Արարչագործութիւնը պահպանել՝ քրիստոնէական սկզբունք է՝ եւ ոչ Կանաչներու կուսակցութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 9 փետրուար առաւօտեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցանեց Ս. Պատարագը եւ իր քարոզը ուղղեց ներկաներուն՝ առնելով օրուան Ծննդոց գրքի եւ Մարկոսի Աւետարանի ընթերցումներուն պատգամը։
Քարոզին բովանդակութիւնը Արարչագործութիւնն էր եւ քրիստոնեայ հաւատացեալի պատասխանը՝ Աստուծոյ արարչագործութեան՝ բնութեան պահպանումով։
Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ՝ Քրիստոնեաները կոչուած են պահպանելու Արարչագործութիւնը։ Ան կենդրոնացաւ ՙերկրորդ արարչութեան խորհուդի՚ վրայ, որ կատարուած է Քրիստոսի միջոցաւ, որ ՙվերաստեղծեց՚ այն՝ ինչ որ մեղքի միջոցաւ քանդուած էր։
Աստուած ստեղծեց տիեզերքը, սակայն Աստուծոյ արարչագործ ներգործութիւնը վերջ չունի։ ՙԱստուած հետեւողականօրէն կը պահէ իր արարչագործածը՚
Ֆրանչիսկոս Պապ կենդրոնացաւ օրուան Ծննդոց գրքի ընթերցուածին վրայ (Ծննդ Ա. 1-19) ուր տիեզերքի արարչութեան մասին կը խօսուի։ Իսկ օրուան Ս. Աւետարանը կը խօսի Աստուծոյ ՙերկրորդ արարչագործութեան մասին՚ ըսաւ ան, որ կը կատարուի Քրիստոսի միջոցաւ։ (Մրկ Զ. 53-56)
Աւետարանի դրուագը Յիսուս կը ներկայացնէ ժողովուրդին մէջ։ Անոնք, որոնք իրեն կը դպչէին՝ կը բուժուէին, կը փրկուէին. Այս երկրոդ արարչութիւնը առաւել եւս հրաշալի է՝ ըսաւ Սրբազան Պապը։
Կայ նաեւ արարչագործական երրորդ արարք մը՝ այսինքն՝ հաւատքի պահպանումի արարքը, որ կը կատարուի Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Աստուած կը շարունակէ գործել տիեզերքի մէջ։ Իսկ մենք մեզի հարց տանք՝ թէ ինչպէ՞ս կը պատասխանենք Տիրոջ Արարչագործութեան, որ սիրոյ ծնունդն է՝ որովհետեւ Աստուած կը գործէ սիրով։ Առաջին Արարչագործութեամբ Տէրը մեր վրայ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ ըսելով՝ երկիրը ձերն է, զայն յառաջ տարէք, իշխեցէք անոր եւ աճեցուցէք զայն։ Մեր բոլորիս պարտականութիւնն է երկիրը աճեցնել, աճեցնել Արարչագործութիւնը, պահպանել զայն եւ աճեցնել զայն՝ ըստ իր ներքին օրինակարգութեան։ Մենք իշխաններ ենք Արարչագործութեան՝ եւ ոչ սեփականատէր։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք՝ որ սեփականատէր չդառնանք ստեղծեալին։ Այս առաջին պատասխանն է տրուած Տիրոջ արարքին՝ աշխատիլ պահպանելու համար ստեղծեալը։
Երբ մեր անկանջին կը հասնի՝ թէ մարդիկ հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ քննարկելու Արարչագործութեան պահպանումի հարցեր, այդ Կանաչներու կուսակցութեան սկզբունքի վրայ հիմնուած չէ, այլ՝ քրիստոնէական սկզբունք է։ Քրիստոնեայ մը որ չի պահպաներ Արարչագործութիւնը, առիթ չի տար աճումի՝ քրիստոնեայ մըն է, որ Տիրոջ գործը կ’անտեսէ. Ա՜յն գործը, որ ծնած է Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սէրէն։
Սրբազան Պապը յիշեց Ս. Պօղոս Առաքեալի յորդորը՝ որ ՙհաշտուինք տիրոջ հետ՚ ՝ իբր անհատ եւ իբր հասարակութիւն։ Հաշտութիւնը Քրիստոսի գործն է ըսաւ ան։
Հեթանոսներու Առաքեալը կը դարձեալ կը յորդորէ՝ որ Սուրբ Հոգին, որ մեր մէջ կը գործէ՝ չվշտացնենք։
Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի՝ երեքն ալ Արարչագործութեան մէջ կը ներգործեն՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Արդ՝ պահպանենք Արարչագործութիւնը, հաշտութիւն կնքենք Արարչագործութեան հետ՝ Քրիստոսի միջոցաւ։ եւ չվշտացնենք Սուրբ Հոգին, որ մեր մէջ կը ներգործէ։
Թող Տէրը մեզի տայ շնորհքը՝ զինք լաւ հասկնալու, եւ իր սիրապարգեւ արարչութեան ուղիղ ձեւով պատասխանելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.