2015-02-09 10:11:27

Փետրուար 19-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի կղերին հետ`խորհրդածելով ''Պատարագ մատուցանելու ճարտարութիւնը (մեծվայելչութիւնը)'' նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 19 փետրուար 2015-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր աւանդական (տարեկան) հանդիպումը պիտի ունենայ Հռոմի կղերին հետ, կը կարդանք Հռոմի թեմի տեղապահ` կարդինալ Վալլինիին Հռոմի կղերին ուղղած նամակին մէջ։ Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը պիտի արտասանէ ապա պիտի պատասխանէ կարգ մը քահանաներու հարցումներուն։ Հանդիպումին նիւթն է`''Ծիսակատարութեան մեծվայելչութիւնը եւ մասնաւորապէս քարոզելու ճարտարութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.