2015-02-09 09:47:08

ՄԱԿ (Նիւ-Եորք) վերջ տալ կրօնի շահագործումին:


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը` գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա խօսք առնելով ‘’Միջկրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթ’’ խորագիրով ժողովին, ըսաւ. ''Կրօնները կարող են ըլլալ բարգաւաճումի միջոցներ, յաղթահարելու աղքատութիւնը, ու կարող են մեծապէս սատարել կեանքի ու ընկերութեան բարօրութեան։
Գերապայծառ Աուզա խօսելով ապա աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող պատերազմներու ու վայրագութիւններու մասին ըսաւ. ''Բաւ է’ յանուն կրօնի բռնութիւններ կատարել ու ոտքի կոխան ընել մարդկային իրաւունքները''։ Վատիկանի դիւանագէտը իր մտահոգութիւնը յայտնեց կարգ մը օրէնսդրութիւններու ու վարչաձեւերու նկատմամբ որոնք կը հային կրօնական ապրումի սահմանափակումներուն։ Ազգային թէ ընդհանուր (կլոպալ) օրէնսդիրները կանչուած են համագործակցելու, որպէսզի կրօնական ապրումները չենթարկուին սահմանափակումներու կամ լռութեան, ընդգծելով խիղճի ազատութեան յարգանքի կարեւորութիւնը։ Կրօնական բնոյթ ունեցող ամէն բռնութիւն ու անհանդուրժողութիւն պէտք է դատապարտուի։ Կաթողիկէ եկեղեցին, ըսաւ գերապայծառ Աուզա` բոլոր կրօնները կը յարգէ եւ նոյն յարգանքը կը սպասէ այլ կրօններէն։ Այսպէսով պիտի կարողանանք միասնաբար ամուր կապեր հաստատել համայն մարդկութեան բարիքին համար - յայտնեց Վատիկանի դիւանագէտը իր միջամտութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.