2015-02-09 09:39:17

ԵԱՀԿի համանախագահները երկու նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսելու կոչ կ՛ընեն։


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Փետրուար 6ին հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ մէկ օր առաջ Միւնիխի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպման վերաբերեալ:
«Մենք տագնապով նշեցինք, որ շփման գիծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջադէպերու թիւը կ՛աճի: Մենք նաեւ նախարարին հետ քննարկեցինք առաջարկուող միջոցառումները, որոնք կրնան նուազեցնել նման միջադէպերու հաւանականութիւնը: Մասնաւորապէս, հրամայական է, որ կողմերը քայլերու ձեռնարկեն՝ կանխելու այնպիսի միջադէպերու կրկնութիւնը, ինչպիսին էր Նոյեմբեր 12ին ուղղաթիռի անկումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Կողմերուն միջեւ բռնութիւններն ու լարուածութիւնը կ՛ընդգծեն ամենականուխ առիթով բանակցութիւններ սկսելու անհրաժեշտութիւնը, տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու համար: Կոչ ըրած ենք նախարարին ճկունութիւն ցուցաբերելու, երբ նման բանակցութիւններ կը սկսին», նշած են համանախագահները:
Միջնորդները շեշտած են նաեւ Միջազգային Կարմիր Խաչի հովանիին ներքեւ անհետացած անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն փոխանակելու մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ստորագրած համաձայնագիրի կենսագործման կարեւորութիւնը:
«Տեղեկատուութեանց նմանօրինակ փոխանակում կրնայ ամրապնդել վստահութիւնը կողմերուն միջեւ եւ դիւրացնել հաշտեցման գործընթացը։ Մենք նաեւ կոչ ըրած ենք վերսկսելու նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը, առաջին իսկ առիթով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցած են, որ կը պատրաստուին Փետրուարի վերջաւորութեան տարածաշրջան այցելելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.