2015-02-08 13:33:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 8 փետրուարի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը , իր գրասենեակին պատուհանէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Մարեմեան Աղօթքէն առաջ, Ֆրանչիկսոս Պապը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած՝ օրուայ աւետարանի ընթերցումէն Մարկ 1, 29-39։
Այսօրուայ Աւետարանին մէջ կը կարդանք. Յիսուս՝ շաբաթ օրով ժողովարաններու մէջ կը քարոզէր ապա՝ հրաշքներ կը գործէր։ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ իր խորհրդածութեան մէջ ընդգծելով Յիսուսի աւետարանելը եւ հիւանդներ բժշկելը, մատնանշեց Յիսուսի յատուկ մօտիկութիւնն ու մտահոգութինը հիւանդներուն հանդէպ, հրաւիրելով խոկալու հիւանդութեան իմաստն ու անոր արժէքին մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով յառաջիկայ չորեքշաբթի 11 փետրուարին հիւանդներու համաշխարհային օրը՝ Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնակատարութեան առթիւ, օրհնեց հիւանդներու ի սպաս կատարուելիք բոլոր ձեռնարկները ։ Ան՝ ապա մատնանշեց, թէ Յիսուսի երկրաւոր կեանքով վերջ չգտաւ Անոր առաքելութիւնը, այլ՝ կը շարունակէ գործել Եկեղեցւոյ միջոցաւ, եւ Եկեղեցին հաւատարիմ գտնուելով Յիսուսի վարդապետութեան՝ հիւանդներու խնամակալութիւնը, Իր առաքելութեան կարեւորագոյն մասը կը համարէ։
՝՝Բոլորս կանչուած ենք փոխանցելու աւետարանի ճրագն ու շնորհքի զօրութիւնը՝ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին ու անոնց հոգատարներուն, ինչպէս ընտանեկան պարագաները, բժիշկները, հիւանդապահները, որպէսզի հիւանդներու հանդէպ ծառայութիւնը բխի մարդու եւ Աւետարանի սիրոյ հոգիով։
՝՝Աղօթենք Տիրամօր՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ՝՝ հիւանդներու ապաքինումի համար, որպէսզի իւրաքանչիւր հիւանդ կարենայ փորձարկել՝ Աստուծոյ Սիրոյ զօրութիւնը եւ Անոր հայրական մխիթարութիւնն ու քնքշութիւնը շնորհիւ խնամատարներուն, հարազատներուն։
Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանելէն ետք, Սրբազան Հայրը յիշեց մարդավաճառութեան թիրախ՝ Ափրիկէցի Սրբուհի Ճուզէփփինա Պախիթայի ծիսական տօնը, ակնարկելով կրօնաւորական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարդավաճառութեան դէմ օրուան, Սրբազան Հայրը Քաջալերեց՝ յանձնառու ըլլալ ստրկութեան ենթարկուած կամ շահագործուած անձերու օժանդակութեան ի սպաս, եւ մաղթեց, որ կառավարական իշխանութիւնները վճռականապէս աշխատին արմատախիլ ընելու սոյն ամօթալի արարքը։
Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց բոլոր ներկաները մաղթելով անոնց բարի կիրակի օր եւ խնդրեց շարունակեն աղօթել իրեն համար ։







All the contents on this site are copyrighted ©.