2015-02-07 12:35:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը՝ աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի լիանիստ գումարի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 7 փետրուար 2015-ին, Հռոմի մէջ գումարուած աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդին լիանիստ գումարի մասնակցող ժողովականները , Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած ճառին մէջ, գնահատանքը յայտնեց
ժողովականներուն, անցնող տարուան ընթացին իրենց աշխատանքներուն եւ այս ծիրէն ներս՝ ''Evangelii gaudium - Աւետարանի ուրախութիւնը'' Առաքելական յորդորագիրը որպէս մեկնակէտ ընտրելուն համար, ապա ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50 ամեակի առթիւ Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդի ձեռնարկած ծրագիրներուն, Սրբազան Հայրը քաջալերեց զանոնք ու թելադրեց որ ձեռնարկները չհային միմիայն անցեալին այլեւ ներկային եւ գալիք ապագային։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձ կատարեց աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդին լիանիստ գումարի նիւթին՝ ՝՝Հանդիպիլ Աստուծոյ՝ Քաղաքին սրտին մէջ՝՝ եւ ընդգծեց՝ թէ սոյն նիւթը, կեդրոնական հրաւէրն է ''Evangelii gaudium'' առաքելական յորդորագիրին. ''դիմագրաւել քաղաքացիական մշակութային մարտահրաւէրները'' եւ աւելցուց թէ մեծ քաղաքները՝ կարեւոր հնարաւորութիւններ ու միաժամանակ մեծ վտանգներ կը ներկայացնեն։
Քաղաքները կրնան մարդոց ծրագիրներու իրականացման համար հրապուրիչ վայրեր հանդիսանալ ինչպէս նաեւ անմարդկային արաքներու եւ դժբախտութեան վայրեր - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հաստարեց թէ ''Աստուած երբեք չբացակայիր քաղաքներէն, որովհետեւ Ան կը գտնուի Մարդոց սրտերուն մէջ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին մէջ կարեւոր նկատեց աշխարհականներու կազմաւորումը եւ հաւատացեալներու դաստիարակութիւնը, որպէսզի անոնք ունենան հաւատքի հայեացք, լի յոյսով որ գիտեն դիտել քաղաքը՝ Աստուծոյ աչքերով։ Ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց աշխարհականներուն համագործակցութիւնը իրենց հովիւներուն հետ` միասնաբար հռչակելու Աւետարանը իր ամբողջութեամբ եւ ոչ թէ միայն իր ներածականով ։
Ֆրանչիսկոս Պապը Ճառի աւարտին, ժողովականներն ու անոնց աշխատանքներն ու ծրագիրները յանձնեց Աստուածամօր հովանաւորութեան ու ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.