2015-02-07 12:31:05

Շաբաթ, 7 փետրուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Լիանիստ Գումարի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Լիանիստ այս Ժողովի քննարկման նիւթն էր՝ Ուսումնասիրութիւն Կանացի Մշակոյթներու. Հաւասարութիւններ եւ Տարբերութիւններ՝ նկատի առնելով կնոջ եւ այր մարդու միջեւ գոյութիւն ունեցող հաւասարակշռուած յարաբերութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ դրուատեց Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի աշխատանքը՝ որովհետեւ ան մեծ նպաստ մըն է, որպէսզի կիներ իրենք զիրենք չզգան իբր հիւր, այլ իրենց լիուլի մասնակցութիւնը բերեն ընկերային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս։
Սրբազան Պապը իր խօսքը ուղղեց քրիստոնեայ Հովիւներու եւ հասարակութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային, դաստիարակչական, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերով զբաղող աշխարհականներու՝ շեշտելով՝ թէ կնոջ ընկերային կեանքի մասնակցուկեան հարցը անժխտելի մարտահրաւէր մըն է։
Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ այս հարցին առընչուող զանազան կէտերու։ Նախ՝ Հաւասարութեան եւ տարբերութեան հարցադրումը, որ հաւասարակշիռ յարաբերութեան մը փնտռտուքն է։ Այս հարցը կարելի չէ դիմագրաւել գաղափարախօսական մօտուցումներով, որովհետեւ այդ մօտեցումները արգելք կը հանդիսանան իրականութիւնը լաւ կերպով տեսնելու։ Ասոր համար հարցի լուծման համար ներկայացուած գաղափարախօսական զանազան առաջարկներ ձախողած են։
Երկրորդը՝ կինը Աստուծոյ պատկերին ծնունդ կու տայ։
Երրորդ, կանացի մարմինը մշակոյթի եւ կենսաբանութեան միջեւ։
Չորրորդ՝ կինը եւ կրօնքը՝ կնոջ մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին։
Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց՝ թէ պէտք չէ մոռնալ կնոջ անփոխարինելի դերը ընտանիքէն ներս։ Պէտք է նաեւ քաջալերել կիներու մասնակցութիւնը հասարակական, ընկերային, եկեղեցական եւ այլ հաստատութիւններու մարզերէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.