2015-02-07 12:43:21

Բ. զկնի Առաջաւորի


«Ահաւասիկ երկինքէն իջած հացը, տարբեր այն հացէն, զոր ձեր հայրերը կերան ու մահացան, իսկ այս հացէն կերողը` կ՛ապրի յաւիտեան»:
Այսօրուայ աւետարանական հատուածը կը ներկայացնէ մեզի հոգեվիճակը եւ դժգոհութիւնը աշակերտներուն ի տես Քրիստոսի ճառին` կեանքի հացի վերաբերեալ: Ուստի աշակերտներէն շատեր լսելով իրենց Վարդապետին խօսքերը գայթակղեցան եւ ըսին. « խիստ են այս խօսքերը, ո՞վ կարող է զանոնք տանիլ»: Աւետարանիչը կը շարունակէ ըսելով . «այնուհետեւ շատեր քաշուեցան եւ ալ հետը չէին շրջէր:
Յիսուս խօսքը կ՛ուղղէ իր առաքեալներուն . «միթէ դո՞ւք ալ կ՛ուզէք մեկնիլ»: եւ ահաւասիկ Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ. « Տէր որո՞ւ երթանք դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս»:
Քրիստոսին համար հետեւողներուն թիւը կարեւոր չէ. Քրիստոսին համար աւելի լաւ է մէկ աշակերտ ունենալ, որով կոչումին գիտակից է, գիտէ իր անձը մահացնել, իր խաչը ամէն օր առնել եւ հետեւիլ իրեն, քան տասնեակ աշակերտներ, որոնք իրենց նիւթական շահերուն համար, իրենց անձը կը խափեն, եւ իրենք զիրենք կը համոզեն, որ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, եւ անոր գործակատարներն ու պատգամաւորներն են անտարակոյս:
Ինչո՞ւ աշակերտները այս հոգեվիճակին հասան. արդեօք Յիսուսէն ի՞նչ կ՛ակնկալէին: Անոնք ստրուկ էին նիւթականին, ստրուկ էին իրենց մարմինի պահանջքներուն, կ՛ուզէին առանց յոգնութեան, առանց չարչարանաքի, առանց աշխատանքի իրենց հացը ունենալ, մոռնալով կեանքին հիմնական նապատակը, որ է սնուցանել հոգին. «Հոգին է կեանք տուողը, իսկ մարմինը անօգուտ է», կ՛ըսէ Քրիստոս: Իսկ ո՞րն է Հոգիին սննդարար կերակուրը: Հոգիին սնունդ տուողը Ս. Հաղորդութիւնն է. Քրիստոսի անմահ մարմինը եւ սուրբ արիւնը: Որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Քրիսոտս . « Ով որ իմ մարմինս ճաշակէ, եւ իմ արիւնս ըմպէ, ան իմ մէջս կը բնակի եւ ես անոր մէջ: Հետեւաբար, Ս. հաղորդութեամբ է որ մենք այլ ոմն Քրիստոսներ կը դառնանք: Կը դառնանք իսկական վկաները Քրիստոսի սիրոյն եւ զոհողութեան: Ինչպէս որ Ս. ամուսնութեամբ այր մարդը եւ կինը մէկ մարմին կը դառնան, մէկ սիրտ ու մէկ հոգի կը դառնան, նոյնպէս սուրբ հաղորդութեամբ կը միաձուլուինք Քրիստոսով եւ կը դառնանք անմահ հոգիներ:
Իսկ հոգիին երկրորդ սնունդը, որ նոյնքան կարեւոր է որքան Ս. Հաղորդութիւնը` աղօթքն է: Շատեր կը կարծեն որ աշխարհի վրայ, գոյութեանց մէջ ամէնէն առագը ձայնն է, կամ լոյսն է, մինչդեռ ամէնէն առագ միջոցը աղօթքն է, որովհետեւ Տէրը կանխաւ գիտէ մեր սրտին գաղտնիքները եւ մեր խնդրանաքներն ու պաղատանքները, նախքան զանոնք աղօթքի մաս դարձնելը:
Աղօթքը մեր հոգիին զէնքն է, երկնքնի արքայութեան բանալին է: Առանց աղօթքի մառած աստղ մըն էք, որ լոյս չի տար, ցամքած ջրանցք մը, ուր ջուր չի վազեր: Ինչպիսի աշակերտ կրնանք ըլլալ Քրիստոսի, երբ մեր առօրեային մէջ պահ մը իսկ չենք գտներ Աստուծոյ հետ խօսակցելու: Լաւ պէտք է գիտակցինք թէ այն աշակերտը որ իր Վարդապետին հետ բնաւ չի խօսիր, կը նմանի ծառի մը, որ առոյգ եւ զօրաւոր կը տեսնուի, սակայն կամաց կամաց իր տերեւները կը դեղնին եւ կը թոթափին:
Արդարեւ Քրիստոսի պատգամը մէկ է: Աշխատելու ենք ոչ թէ կորնչական կերակուրին, որ անօգուտ է, այլ հետապնդենք մեր հոգւոյն Փրկութիւնը: Փնտռենք ինչ որ կրնայ մեր հոգին սնուցանել, մեր հոգին ազնուացնել, մեր հոգին սրբացնել: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.