2015-02-07 09:44:00

Անօճախ ուխտաւորներուն համար լողարաններ ու վարսայարդարներ ս. Պետրոսի հրապարակին կից։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջ գտան ս. Պետրոսի հրապարակին կից լողարաններու շինութեան աշխատանքները ու վարսայարդարի խանութի բացումը, որուն առաջին օգտուողները պիտի ըլլան Հռոմ քաղաքի անօճախ ուխտաւորները, ընչազուրկները ու թափառաշրջիկները։
Այս յայտագիրի իրականացումին համար նպաստեցին Հռոմի թեմի այն ժողովրդապետութիւնները, որոնք առօրեայ անվճար ճաշեր կը բաշխեն աղքատներուն։
Վատիկանի ս. Պետրոս հրապարակին կից շինուեցան երեք բաղնիքներ` կահաւորուած օճարով, պաղ-տաք ջուրով ու ձեռքերը չորցնող տօթ օդի արձակումով եւ վարսայարդարի կոկիկ սենեակով մը։ Լողարանները ամէն օր կը գործեն ի բացառեալ չորեքշաբթի օրը, ուր Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ տեղի կ’ունենայ Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Վարսայարդարը տրամադրելի է ամէն երկուշաբթի օրը 9-15 ժամերուն։
Լողարան յաճախող անօթեւան ուխտաւորներուն տրամադրութեան տակ կը դրուի ներքնազգեստ, օճառ, ակռայի մածուկ ու վրձին եւ անուշահոտ իւղ։ Այս ամէնը նուիրուած զանազան վաճառատուներէ ու բարերարներէ, որոնք իմանալով այդ ծրագրի մասին բաղձանք յայտնեցին մասնակցիլ այդ նախաձեռնութեան։
Կալկաթայի մայր Թերեզայի եւ Ալպերթինէ կրօնաւորուհիներուն եւ Սան Վէնսան բարեսիրական մարմնի հետ միասին բազմաթիւ կամաւորներ` այրեր ու կիներ, յայտնեցին իրենց կամքը իրենց ժամանակը տրամադրելու աղքատներուն ի սպաս։
Յայտնենք` որ այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ Վատիկանի ողորմաբաշխ կեդրոնին ու հռովմէացի մեծասիրտ բարերարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.