2015-02-06 10:14:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ 24 Սեպտեմբերին խօսք պիտի առնէ ԱՄՆի ազգային ժողովին առջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի ազգային ժողովի բանբեր` John Boehner յայտնեց որ յառաջիկայ 24 Սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի խօսի ԱՄՆ-ի ազգային ժողովի առջեւ։ Ան առաջին Քահանայապետը պիտի հանդիսանայ որ խօսք կ’առնէ ''Capitol Hill''-ի մէջ։
Սրբազան Քահանայապետին ճառին կարեւոր նիւթերը պիտի ըլլան. կարեկցութիւն ու մարդու արժանաւորութիւնը։
Այս առընչութեամբ Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոսարանը յայտարարութիւն մը հրատարակած է որուն մէջ յայտնած է խնդակցութիւնը ի տես այս պատմական որոշումին։ Ուաշինկթընի մէջ կ՛ապրին 620 հազար կաթողիկէներ, ուր կր գործեն 139 ժողովրդապետութիւններ եւ 95 դպրոցական կառոյցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.