2015-02-06 10:09:39

ՆԱԹՕի հրամանատար մը Մոսկուայի հակադարձութիւնը նկատի ունենալու կոչ կ՛ընէ՝ Ուքրանիան զինելու գծով


Յորդանանեան ռմբաձիգներ, հինգշաբթի 5 փետրուարին, ռմբակոծեցին Ռաքքայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Հաղորդուեցան մամլոյ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը անձամբ մասնակցած է ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ հարուածին, սակայն Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար Ալրատմի Մոհամետ Մումնի հերքեց այդ տեղեկութիւնները եւ նշեց. «Այս առնչութեամբ լրատուական կայքերու եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան դրուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Աշթըն Քարթըր խոստացաւ արագացնել Յորդանանին զէնք ծախելու հոլովոյթը` նշելով, որ կարեւոր է, որ Յորդանան կարողութիւնը ունենայ ստանալու իրեն անհրաժեշտ եղած զէնքերը:
Ան նշեց, որ աշխատանք պիտի տանի լուծելու Յորդանանի թագաւորին մտահոգութիւն պատճառող այն հարցերը, որոնք վերջինս արծարծած է Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան ընթացքին:
Քարթըր Ծերակոյտին մէջ զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու համար գետնի վրայ գործընկերներու կարիքը ունինք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.