2015-02-06 09:17:34

2015 «Կրօնաւորական կեանք»ի տարի


Խոնարհութիւնը
RealAudioMP3 Երբ կ՛ուզենք որ սրբութեան շէնքը բարձրանայ եւ բռնաշունչ հովերէն չխորտակուի, հարկ է զայն կանգնեցնել հաստատուն եւ անշարժ հիման մը վրայ, հարկ է կարծր ժայռի մը հասնելու չափ փորել` առաջին քարը դնելու համար: Այս ժայռը իր անձին ճանաչումն է, որ մարդուս կ՛առաջնորդէ իր անձին վրայ ուղիղ դատողութեան կազմելու, այսինքն խոնարհ ըլլալու:
Խոնարհութիւնը` քրիստոնէական յատուկ առաքինութիւն մըն է, իր կեդրոնը ունի կամքին մէջ: Կը հաւնեցնէ ինչ որ կրնանք արժանանալ, եւ ախորժելի կ՛ընէ մեզ ինչ որ իրաւամբ մեզ կը պատշաճի:
Խոնարհութիւնը մեզի կրնայ յատուկ ինքնութիւն մը եւ վարմունք մը տալ եւ իսկական խոնարհութեան կատարեալ օրինակը կը տեսնենք Յիսուսի մէջ: Ան ամբողջ էութեամբ Աստուծոյ սահմանած ժամանակին մէջ կը քալէր կ՛ըսէ մեզի Յովհաննէս առաքեալ (Յվ. 13. 4-5): Ան կ'ընէր ինչ որ հայրը կ'ընէր (Յվ. 5. 19,30) եւ ամէն բանի մէջ Աստուծոյ փառքը կը փնտռէր (Յվ. 8.50):
Հակառակ անոր որ ոտք լուալը ամէնէն ստորին գործը կը նկատուէր հրեաներուն համար, Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Ան գիտէր, որ աշակերտներուն սրտին մէջ մրցակցութեան հոգի մը կար եւ այդ պատճառով էր որ Ան աշակերտներուն տուաւ խոնարհութեան այդ անմոռանալի օրինակը: Իր ըրածով, Յիսուս ետ մղեց եսասիրութիւնն ու հպարտութիւնը (Փլպ 2.1-16):
Յիսուսի բարձրագոյն խոնարհութիւնը խաչին վրայ մեռնիլն էր: Ան, գերիշխան ըլլալով հանդերձ ծառայական բնոյթ առաւ:
Շատեր կը կարծեն թէ խոնարհ ըլլալ կը նշանակէ խեղճ եւ անզոր ըլլալ: Խոնարհ ըլլալ չի՛ նշանակեր անարգ եւ խեղճ ըլլալ, այլ կը նշանակէ բնաւ մեր անձին մասին չմտածել: Այլ խօսքով կը նշանակէ` հլու հպատակութիւն ցոյց տալ Արարիչին, այնպիսի խորին ակնածութեամբ որ պատրաստ գտնուինք աւելի մեռնելու քան թէ ամենափոքր իսկ բանով տհաճելի ըլլալու իրեն` կամաւոր հաւանութեամբ:
Ճշմարիտ խոնարհութիւնը Հօր հետ առողջ յարաբերութիւն ունենալէն կը ծնի ու կ՛աճի: Քրիստոսի օրինակով ծառայելու փորձառութիւնը պիտի ունենանք միայն երբ մեր փափաքը Հօր անունը փառաւորելը, Անոր կամքը ճանչնալն ու զայն կատարելը ըլլայ:
Որչափ Աստուծոյ առջեւ խոնարհինք մենք իր պաշտելի կամքին լիովին համակերպելով, այնչափ աւելի խաղաղութեան, արդարութեան եւ սրբութեան կը մօտենանք:
Խոնարհութիւն չէ Աստուծոյ պարգեւները եւ իր գործերուն կարողութիւնները չճանչնալ, այլ կը կայանայ այս, անոնց փառքը մեզի չյատկացնելու մէջ: Ասոր կատարեալ օրինակը սուրբ կոյս Աստուածածնի վրայ կը նշմարենք: Ինք ամենայն խոնարհութեամբ կը ճանչնայ, կամ մանաւանդ իր հոգւոյն հիացումով կը հռչակէ թէ Աստուած իրմով մեծ, զարմանալի բաներ ըրաւ եւ հպարտանալու տեղ` կ՛աղաղակէ ըսելով. թող իմ հոգիս փառաբանէ զԱստուած. « Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր» (Ղուկ. Ա. 46):







All the contents on this site are copyrighted ©.