2015-02-05 09:48:01

Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան կը խօսի Հալէպի եւ Սուրիոյ տագնապալից իրավիճակի մասին եւ յոյս կը յայտնէ որ վերահաստատուի խաղաղութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ օրերուն, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան` Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձաւ
իր թեմի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապալից անցուդարձներու մասին բացայայտելով ժողովուրդին ապրած դառն վիճակը, կեանքի անկայուն պայմանները եւ քրիստոնեաներու արտագաղթը։
Գերապայծառ Միրիաթեան խօսեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ կատարած մարդասիրական գործունէութեան մասին յայտնելով թէ եկեղեցին ներկայիս վերածուած է մեծ Քարիթասի մը, ուր ժողովուրդը կը ստանայ հարկաւոր օգնութիւններ եւ զօրակցութիւն։
Մեր երազը, մեր իղձը եւ մեր սրտի բաղձանքն է, ըսաւ է Արհ. Արքեպիսկոպոսը, որ վերադառնանք բնականոն կեանքի եւ երկիրը վերջապէս գտնէ անդորրութիւնը։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.