2015-02-05 10:03:04

Ազհար կոչ կ’ուղղէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները սպաննելու, խաչելու եւ անոնց ձեռքերն
ու ոտքերը կտրելու


Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայեպ բուռն կերպով դատապարտեց «սատանայական» ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն յորդանանցի օդաչուն հրկիզելով գործած «ստոր» արարքը եւ նշեց, որ իսլամութիւնը կ’արգիլէ անմեղ մարդիկ սպաննել կամ հրկիզել նոյնիսկ նախայարձակ թշնամին` աւելցնելով, որ այդ մէկը ստոր արարք մըն է, որմէ անմասն են բոլոր կրօնները:
Ան ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ականները իրենց գործած այդ արարքին համար արժանի են Քորանի մէջ «Աստուծոյ կամ անոր մարգարէին դէմ կռուողներուն» առնչութեամբ նշուած պատիժին` անոնք պէտք է սպաննուին, խաչուին, կամ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրուին:
Ազհարի շէյխը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց դիմակայելու «այս ահաբեկչական խմբաւորումը, որ կը գործէ բարբարոսներու վայրագ այս արարքները, որոնք Աստուծոյ եւ անոր մարգարէին կողմէ մերժուած են»:
Ազհարի շէյխը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ու Յորդանանի ժողովուրդին:







All the contents on this site are copyrighted ©.