2015-02-05 09:41:46

«Յարդէ Պուպրիկներ»ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը։


Ամերիկացի բեմադրիչ Ճան Միլանոյի «Յարդէ Պուպրիկներ» շարժապատկերը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին է: Միլանօ վերջերս մանրամասն կերպով ներկայացուց շարժապատկերը արտադրելու եւ բեմադրելու երկամեայ հոլովոյթը: «Անիկա վիճելի է միայն, երբ մարդիկ զայն վիճելի կը դարձնեն: Ճիշդ է, որ թրքական կառավարութիւնը այս բռնարարքը չէ ճանչցած, սակայն թրքական կառավարութեան դէմ բողոքելու համար չէ որ շարժապատկեր մը պատրաստելու ձեռնարկեցինք, այլ՝ պատմելու պատմութիւն մը, զոր Հոլիվուտը կը խուսափի պատմելէ», ըսաւ բեմադրիչը։
Միլանօ նաեւ յայտնեց, որ ինք ուզած է վստահ ըլլալ, թէ շարժապատկերը պատմական առումով հարիւր առ հարիւր ճշգրիտ է եւ անոր պատմած պատմութիւնները ճշմարիտ են։ «Շարժապատկերին մէջ ստեղծագործական շատ քիչ ազատութիւն առինք՝ քաջ գիտնալով, որ երբ այս շարժապատկերը պատրաստենք, պէտք է ճշմարտութեան վրայ խարսխուած ըլլայ անիկա: Այդ է պատճառը, որ շարժապատկերի պատրաստութեան համար հետազօտութիւնը երկու տարի տեւեց», բացատրեց ան։
Ըստ բեմադրիչին՝ հետազօտութիւնը բացայայտեց հարիւրաւոր պարբերաթերթեր, լուսանկարներ, վերապրողներու հարցազրոյցներ եւ ակադեմական գիրքեր, եւ երբ «Stories My Father Never Finished Telling» գիրքի հեղինակ Տակլըս Գալայճեան աշխատանքին մասնակից դարձաւ, աշխատակազմը կրցաւ բացայայտել հազուադէպ պատմութիւններ, որոնք գործուած բռնարարքներու շարքին՝ աչքի կը զարնէին:
Շարժապատկերի գլխաւոր դերասաններն են մրցանակակիր իրանահայ դերասանուհի Մարի Ափիք, Մարքօ Խան(եան) («10,000 BC» եւ «God՛s Not Dead») եւ շարք մը հայ երիտասարդ դերասաններ:
Միլանօ կը բացատրէ, թէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ Հայաստանի նմանող վայր մը գտնելը դժուար էր. ամբողջ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ 36 վայրեր աչքէ անցընելէ ետք, փնտռտուքի աշխատանքը ընդլայնած է՝ ներառելով քաղաքի հիւսիսային մասը: Ի վերջոյ, այդ վայրը գտած են Simi Valley-ի մէջ, ուր նկարահանուած է Քուինթըն Թարանթինոյի «Django Unchained»ը:
Շարժապատկերի նկարահանումը ամբողջացած է Նոյեմբեր 2014ին. անոր առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլ 2015ին, Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.