2015-02-04 11:00:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Հայրերու դերը ընտանիքէն ներս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 4 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց, այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ` ընտանիքի ծիրէն ներս հայրերու դերակատարութեան մասին։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, այսօր կ՛ուզեմ անդրադառնալ ընտանիքի մէջ հայրերու դրական դերին մասին, տրուած ըլլալով որ անցեալ անգամ խորհրդածեցինք հայրերու բացակայութեան մասին։
Սուրբ Յովսէփն ալ ուզեց հեռանալ Մարիամէն երբ իմացաւ թէ Ան յղի էր, սակայն Տիրոջ հրեշտակի միջամտութիւնը անոր յայտնեց Աստուծոյ ծրագիրը եւ իրեն յանձնուած հայրութեան առաքելութիւնը եւ Յովսէփ` որ արդար մարդ էր իր քովն առաւ Մարիամը ու դարձաւ Նազարէթի ընտանիքի հայրը։
Ամէն մէկ ընտանիք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – կարիքը ունի հայրի մը, ու մէջբերեց ''առակաց գիրքէն'' խօսքեր։ Հայր մը – շարունակեց Քահանայապետը – ինքզինք հպարտ ու մխիթարուած կը զգայ երբ տեսնէ թէ իր զաւակները կը գործեն իմաստութեամբ։ Ասոր համար հարկաւոր է անոր մօտիկութիւնը, հարկաւոր է որ ան ներկայ գտնուի ընտանիքին մէջ, մօտ իրեն կողակիցին անոր հետ կիսելու ամէն ինչ` ուրախութիւն, ցաւ, յոգնութիւն եւ յոյսեր եւ զաւակներու դաստիարակութիւնն ու մտահոգութիւնները` երբ անոնք կը խաղան կամ մտահոգուած են, երբ վախի մէջ են կամ սխալ քայլ մը կ՛առնեն եւ երբ յանձնառումով կ՛աշխատին։
Հայրը ապա պէտք է գիտնայ ներել` այնպէս ինչպէս ըրաւ անառակ որդոյն գթասիրտ հայրը։ Բարի հայր մը գիտէ սպասել եւ ներել եւ անշուշտ գիտէ նաեւ սխալները շտկել առանց հիասթափեցնելու ու գիտէ նաեւ անձնուիրութեամբ պաշտպանել։
''Միայն հայրութիւնը խորապէս ապրած անձն է որ կրնայ Յիսուսին մեզի սորվեցուցած ''Հայր Մեր'' աղօթքը մեկնաբանել'', ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''զաւակները կարիքը ունին գտնելու զիրենք սպասող եւ ընկալող հայր մը, երբ ձախողութիւններէն կը վերադառնան, թէեւ ամէն ջանք կը դափեն չընդունելու համար իրենց սխալները, սակայն խորքին մէջ կարիքը ունին անոր մօտիկութեան''։
Առանց երկինքի Հօր շնորհքներուն` հայրերը երկիրին վրայ իրենց քաջութիւնը կրնան կորսնցնել ու հրաժարիլ իրենց պարտականութենէն։
Եկեղեցին մեր Մայրը` յանձնառու է իր բոլոր ուժով թիկունք կանգնելու հայրերու վեհանձն ու բարի ներկայութեան ընտանիքներէն ներս, որովհետեւ անոնք` նոր սերունդին համար պահակներ են ու միջնորդներ հաւատքի փոխանցման, Աստուծոյ պաշտպանութեան, բարութեան, եւ արդարութեան մէջ` Սուրբ Յովսէփի նման։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ սրահի մէջ գտնուող հաւատացեալները, ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք խրախուսելով օրինակ առնել կոյս եւ մարտիրոս Սրբուհի Ակաթայէն, որուն ծիսական տօնը կը նշուի վաղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.