2015-02-04 11:12:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը Ուքրանիոյ ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 4 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաւարտ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, յատուկ կոչ մը ուղղեց Ուքրանիոյ համար։
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր մտահոգութիւնը ի տես Ուքարնիոյ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն եւ խնդրեց ներկաներէն աղօթել զոհերուն համար ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներուն համար։
Սրբազան Հայրը ապա հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել Տիրոջ՝ որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ դադրին դժնդակ բռնութիւնները։
Վերանորոգելով իր կոչը Ուքրանիոյ ի սպաս Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց. ''չխնայել որեւէ ջանք Ուքրանիոյ համար՝ նոյնիսկ միջազգային գետնի վրայ, վերահաստատելու համար երկխօսութիւնը, որ է դէպի խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն առաջնորդող միակ ուղին։
Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց ''երբ ունկնդրեմ ''յաղթանակ'' կամ ''պարտութիւն'' բառերը, սրտիս մէջ մեծ ցաւ ու տխրութիւն կը տիրէ։ Արդար բառեր չեն ասոնք. Միակ շիտակ բառը ''խաղաղութիւն'' է։ Այս է միակ ճշգրիտ բառը։ Ես ձեզի միշտ կը մտածեմ սիրելի Ուքրանացի եղբայրներ եւ քոյրեր....-ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց մտածել թէ ''ասիկա քրիստոնեաներու միջեւ պատերազմ մըն է։ Դուք բոլորդ նոյն մկրտութիւնը ստացած էք եւ պայքարիք քրիստոնեաներու միջեւ։ Մտածեցէք այս գայթակղեցուցիչ իրողութեան։
Աղօթենք բոլորս որովհետեւ աղօթքը մեր բողոքն է Աստուծոյ առջեւ` պատերազմի շրջանին'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.