2015-02-04 13:49:18

Կարդինալ Սանտրիի քարոզը ս. Վլասի տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի`3 Փետրուարին` Վլաս հայրապետի տօնին առթիւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Սանտրի պատարագ մատոյց Հռոմի ս. Վլասի նուիրուած հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ երկարաշունչ քարոզ մը արտասանեց ոգեկոչելով ս. Վլասի կեանքն ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցը եւ այս առթիւ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունենալիք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ սուրբ պատարագը։
Մեկնաբանելով օրուան ընթերցուածը առնուած Մակաբայեցիներու ուղղուած թուղթէն Կարդինալ Սանտրին ըսաւ. Մակաբայեցիներու գիրքը կը նկարագրէ նահատակութիւնը եօթը եղբայրներուն, մենք եւս անոնց մայրիկին հետ միասին կրկնենք ''դիտենք երկինքն ու երկիրը''։ Աստուծմէ խնդրենք շնորհքը ըմբռնելու ոչ միայն առօրեայ այլ եւ ժողովուրդներու ու ազգերու դէպքերու նշանակութիւնը, վստահելով Աստուծոյ ստեղծիչ Իմաստութեան։
Ս. Վլաս` Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը, անվերապահօրէն սիրեց Տէրը եւ ապա իր նահատակութեամբ գերագոյն վկայութիւնը տուաւ։
Ս. Վլաս Հայրապետը իր կեանքին մաքրութիւնը, բարքին քաղցրութիւնը, իր համեստութիւնը եւ իմաստութիւնը զինք ամէնուն սիրելի դարձուցած էին։ Հետեւեցաւ փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան, զորս ի սպաս դրաւ քրիստոնէական դատին։ Նուիրուեցաւ ամբողջապէս բարեպաշտական կեանքի. եւ երբ մտադիր էր առանձնական ճգնողութեան նուիրուելու, Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը վախճանեցաւ եւ բոլորին համաձայնութեամբ Վլաս ընտրուեցաւ անոր յաջորդը։
Ս. Վլասի նահատակութիւնը, ըսաւ ապա կարդինալ Սանտրի իր քարոզին մէջ, ոգեկոչել կու տայ անցեալ դարու ողբերգական դէպքերը, ուր Հայ Ազգի զաւակները, ասորի եւ քաղդէացի այլ փոքրամասնութիւններու հետ միասին, զոհ գացին Թուրքիոյ ջարդին (մէկ ու կէս միլիոն նահատակներ)։ Հոս կ'ուզեմ իմ եղբայրական ողջոյնս ուղղել կաթողիկէ թէ առաքելական երեք հայ պատրիարքներու եւ կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ ուզեց յառաջիկայ 12 Ապրիլին պատարագ մատուցանել ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հայ ազգի զաւակներու հետ միասին, ոգեկոչելու Մեծ Եղեռնի զոհերը - ըսաւ Կարդինալը իր քարոզին մէջ ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել նահատակներուն համար մաղթանք յայտնելով որ Աստուծոյ ողորմութեան աղիքները վերակենդանացնեն` ճշմարտութեան եւ արդարութեան մէջ ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ ներողամտութեան մէջ, Հայաստանի զաւակներուն կեանքը։
Կարդինալը իր քարոզը եզրափակեց մէջբերելով ս. Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.