2015-02-04 08:46:35

Ըստ Լա Հէյի դատարանի վճիռին. ո՛չ Սերպիան, ո՛չ ալ Խրուաթիան Ցեղասպանութիւն գործած են։


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռած է, որ ո՛չ Սերպիան, ո՛չ ալ Խրուաթիան Եուկոսլաւիոյ կազմէն դուրս գալու պատճառով սկսած խրուաթական պատերազմին ընթացքին իրարու դէմ ցեղասպանութիւն գործած են:
Խրուաթիոյ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Սերպիան 1991-ին ցեղասպանութիւն գործած է Վուքովար քաղաքին եւ այլ վայրերու մէջ: Սերպիա աւելի ուշ հակադարձելով հայց ներկայացուցած է Խրուաթիայէն աւելի քան 200 հազար սերպերու վտարման վերաբերեալ: Շուրջ քսան հազար մարդ մահացած է 1991-1995-ի պատերազմին ընթացքին, երբ Խրուաթիան անջատուեցաւ Եուկոսլաւիայէն:
Խրուաթական Վուքովար քաղաքը աւերուած է, երբ սերպերը զայն գրաւած են 1991-ին: Տասնեակ հազարաւոր խրուաթներ տեղահանուած են, շուրջ 260 խրուաթ ձերբակալուած ու սպաննուած է:
Դատաւոր Փիթըր Թոմքան մերժած է ե՛ւ խրուաթական հայցը, ե՛ւ Սերպիոյ հակադարձ հայցը:
«Երկու կողմերուն ուժերը բիրտ գործողութիւններ կատարած են պատերազմին ընթացքին», ըսած է դատաւոր Թոմքան», սակայն ոչ մէկ կողմ ներկայացուցած է բաւականաչափ փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն «ցեղասպանութեան արարքներու համար պահանջուող յատուկ մտադրութիւնը»:
Աւելի ուշ, Խրուաթիոյ վարչապետ Զորան Միլանովիչ յայտարարեց. «Մենք դժգոհ ենք դատարանին վճիռէն, սակայն զայն կ՛ընդունինք իբրեւ քաղաքակիրթ մարդիկ»` աւելցնելով, որ որոշումը վերջնական եղած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.