2015-02-02 09:12:12

Ռայի Պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ վերջ տալու փտածութեան։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց փտածութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ պահպանելու պետական գանձարկղն ու անոր կարողութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանցիներուն աշխատանքի կարելիութիւնները:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը այսօր կը տառապի տնտեսական տագնապէ` արձանագրուած մսխումին, տիրող փտածութեան եւ թափանցիկութեան չգոյութեան պատճառով:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց արձանագրուող օրինազանցութիւնները, անձնական շահերու առաջնահերթութիւնը, պաշտօնեաներու պահանջներուն անտեսումը եւ անոնց հետ երկխօսութիւն չկատարելը, «եւ տակաւին կը հրճուինք, որ ժողովրդավարական երկրի մը մէջ կ՛ապրինք», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.