2015-02-02 09:29:20

Իսրայէլի Նախագահը ՄԱԿի ամպիոնէն անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան։


ՄԱԿ.- «Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին, ՄԱԿի մէջ, Ողջակիզման զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առթիւ կայացած ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան՝ նշելով, որ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննուած է։ Ան ընդգծած է, որ «մինչեւ օրս, Իսրայէլ զայն չէ ճանչցած իբրեւ ցեղասպանութիւն»։
Ռիվլին մէջբերած է 1915ին Պաղեստինի մէջ հրէական լրտեսական ցանցի՝ «Նիլի»ի, ղեկավար անդամներէն Աւշալոմ Ֆայնպըրկի գրածը. «Ես ատամներս սեղմած կը մտածեմ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը։ Երուսաղէմի ճամբան, երբ կը քալէի օրհնուած եւ սուրբ հողին վրայ, ես ինծի հարցուցի՝ արդեօք մենք կ՛ապրինք ժամանակակի՞ց աշխարհի մէջ՝ 1915ին, թէ Տիտոսի եւ Նաբուգոդոնոսորի ժամանակները։ Արդեօք մոռցա՞ծ եմ, որ հրեայ եմ։ Ես նաեւ իմ անձիս հարցուցի, եթէ իրաւունք ունիմ ողբալու միայն իմ ժողովուրդիս վիշտը, միթէ Երեմիա մարգարէն արցունք չէ՞ թափած հայերու հետ միասին»։
Ռիվլին շեշտած է. «Ֆայնպըրկ ասիկա գրած է ճիշդ 100 տարի առաջ. կասկածի եւ հերքումի 100 տարի։ Այն տարիներու Իսրայէլին մէջ, ուր ես ծնած եմ, ոչ ոք կը հերքէր տեղի ունեցած կոտորածը։ Երուսաղէմի բնակիչները, ծնողներս տեսած են այդ աղէտը վերապրած, սոված եւ խեղճուկ հազարաւոր հայ տեղահանուածները, որոնք Երուսաղէմ հասած են։ Անոնք այնտեղ ապաստան գտան, եւ մինչեւ օրս անոնց ժառանգորդները կը շարունակեն ապրիլ Երուսաղէմի մէջ։ Այն ժամանակ՝ 1915էն ետք, կը յառաջանար հարցում մը՝ ո՞վ է յաջորդը։ Պատասխանը չուշացաւ. քանի մը տասնամեակ ետք ի յայտ եկաւ, որ յաջորդը հրեաներն են»։
«Մենք մեզի անկեղծօրէն հարցնենք՝ արդեօք մեր պայքարը, ցեղասպանութիւն երեւոյթին դէմ ՄԱԿի պայքարը բաւարար չափով արդիւնաւէ՞տ էր։ Պոսնիոյ մէջ արդիւնաւէ՞տ էր, Խոջալուի սպանութիւնները կանխելու համար արդիւնաւէ՞տ էր, արդեօք անիկա արդիւնաւէ՞տ է այսօր Սուրիոյ կամ Նիճերիոյ մէջ՝ «Պոքօ Հարամ»ի դէմ», աւելցուցած է ան։
«Միւս կողմէ, պէտք է յիշենք, որ այդ կարմիր գիծերը մեզի պիտի պարտաւորեցնեն չաղաւաղել ու շնականօրէն չշահարկել զայն՝ կեղծ առարկայականութեան անուան տակ, ինչ կը կատարուի մարդու իրաւունքներու հռետորաբանութեան պարագային, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը կ՛օգտագործէ միայն քաղաքական նպատակներով», յայտարարած է Իսրայէլի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.