2015-02-01 11:43:48

2015-ի Փետրուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող խորագիրերով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Փետրուար ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բանտարկեալները, ու յատկապէս երիտասարդները, կարելիութիւնը ունենան վերակազմելու արժանավայել կեանք մը''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի ապահարզան եղած զոյգերը, Քրիստոնեայ հասարակութեան կողմէ գտնեն հիւրընկալութիւն եւ թիկունք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.