2015-01-31 12:37:46

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Սպանիոյ Մոնտոնիէտօ թեմի Քարիթասի
հիմնարկութեան 50 ամեակի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սպանիոյ մէջ գտնուող Մոնտոնէտօ թեմի պատկանող` Քարիթասի հիմնարկութեան 50 ամեակի առթիւ, շաբաթ 31 յունուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինը յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական պատգամ մը յղեց Կալիցիա թեմի եպիսկոպոսին, որուն մէջ փոխանցեց Նորին Սրբութեան յորդորը՝ յանձնառութեամբ յարատեւելու փոքրիկ թեմի գործունէութեամբ` կարիքաւորներու հանդէպ։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Քարիթասի բոլոր անդամները անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքը՝ որպէսզի իւրաքանչիւր բարեսիրական գործունէութեան, եղբայրասիրական ձեռնարկին ընդմէջէն յայտնուի Աստուծոյ Սէրն ու շնորհքը







All the contents on this site are copyrighted ©.