2015-01-31 12:49:34

Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան կը խօսի Կաթողիկէ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի մասին։


Շաբաթ` 31 յունուար 2015-ին, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան` Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսեցաւ վերջերս Հռոմի մէջ տեղի ունեցող` Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ արեւելեան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի գործունէութեան մասին եւ յանձնախումբի անդամներուն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի մասին որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով համամիութեան շարժումի կարեւորութեան մասին շեշտը դրաւ ''Արեան համամիութեան'' վրայ որ կը յատկանշէ ներկայ ժամանակաշրջանի քրիստոնեաներու ապրած իրավիճակը, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.