2015-01-30 12:25:51

Հոլլանտ կոչ ուղղած Է Թուրքիոյ առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ


«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ներկայութիւնը Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին բացառիկ քաղաքական զօրակցութեան նշան էր: Ֆրանսայի նախագահը իր ներկայութեամբ յայտարարած է, որ իր պաշտօնական աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ հայերուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան, «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին:
«Նախագահը նշեց, որ 24 ապրիլին պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ` իր աջակցութիւնը յայտնելու Հայ դատին, եւ դիւանագիտական պատգամով կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, այս տարի առերեսուելու սեփական պատմական յիշողութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտնած է Փափազեան` մէջբերելով նախագահ Հոլլանտի խօսքը: Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահը վստահ է, որ 100-ամեակի տարուան մէջ նոր վերաբերմունք, նոր քայլեր կը տեսնենք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
«Ֆրանսա կրնայ դեր խաղալ ե՛ւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման հարցին մէջ», նշած է Ֆրանսայի նախագահը:
Ըստ Մուրատ Փափազեանի, երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող ընթրիքին ներկայ եղած են 450 հիւրեր, որոնց շարքին եղած է ֆրանսական քաղաքական ընտրանին` Ֆրանսայի նախագահը, նախարարներ, խորհրդարանականներ, Փարիզի քաղաքապետը, Շարլ Ազնաւուր, յայտնի լրագրողներ եւ մտաւորականներ: «Լուրջ քաղաքական բարեկամութիւն ունինք Ֆրանսայի նախագահին հետ, եւ այս նախաձեռնութիւնը կրկին փաստեց, որ մեզի փայլուն ապագայ կը սպասէ», հաւաստած է Մուրատ Փափազեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.