2015-01-29 09:59:08

Հայ Ձեռագրի Պատմութեան Ուղիին Վրայ


Գրչագիրներու Աշխատանքի Պայմանները

Հ. Արիստակէս Վարդանեան յիշատակարաններէ հաւաքած է տուեալներ գրիչներու մասին եւ հրատարակած է առանձին գրքոյկով։ Հեղինակը կը գրէ՝ «Ծայր աստիճան աղքատութիւնն ու կարօտութիւնը թոյլ չէր տար ամէն անգամ ընդօրինակութիւններու համար հիմ առնուլ ‘ստոյգ եւ ընտիր օրինակներ’ այլ կ’ունենային հին ու մաշած օրինակներ, որոնց առաջնորդութեամբ բնական է թէ չէին կրնար լաւագոյն գործեր արտադրելու հաճոյքն ունենալ։ Եւ կամ եթէ լաւագոյն օրինակներ ալ յաջողէին ձեռք անցընել փոխառութեամբ կամ գաղտագողի՝ կը ստիպուէին արագ գործել ու հապճեպ փութկոտութիւնը խնամուած աշխատանք չէր կրնար բնականաբար արտադրել։»

Ահաւասիկ այդ յիշատակարաններէն մէջբերումներ, ուր գրողները կամ ընդօրինակողները ներողամտութիւն կը խնդրեն, որովհետեւ ձեռագրի որակը տուժած է իրենցմէ անկախ պատճառներով։
«Ով եղբայրներ զիս մի մեղադրէք սխալներուն համար որովհետեւ օրինակը ջուրին մէջ ինկած էր եւ ներքին երկու լուսանցքները իրար կպած էին։»
«Տեսնելով որ գիրքը շատ հինցած եւ քայքայուելու մօտ էր նիւթի, այսինքն թուղթի վատորակ եւ նօսր ըլլալու պատճառով, ինչպէս նաեւ խոնաւ տեղ պահուած ըլլալով մասամբ բճացած էր։ Վերստին նորոգել տուի։»
«Փտեալ, թափեալ, եղծած, աւերեալ, պակաս»
«Մի մեղադրեր, որովհետեւ ծածուկ եւ շտապ գործը այսպէս կ’ըլլայ։»
«Ներեցէք սխալներուս, որովհետեւ օրինակը շուտով կ’ուզէին. շատ գաղտուկ գրած եմ։»
«Թէեւ կար կարողութիւնը քիչ մը աւելի լաւ գրելու, սակայն չկրցայ, որովհետեւ աճապարանքի ստիպումի տակ էի օրինակը յանձնելու, հետեւաբար ճիգ ունէի միայն աւարտելու՝ եւ ոչ գրչութեան արուեստին։»
«Առաջին էջը գրելու ժամանակ տասն անգամ տեղէս հանեցին, ասոր համար մի մեղադրէք սխալներուն պատճառով, որովհետեւ ձեռքիս տակ ունիմ գրութիւնը՝ ապա փայտն ու քարը, գրութիւնը՝ ապա դարձեալ այգին ու փեթակը, յետոյ նորէն գրութիւնը. ասոր համար շատ գովելի չէ գրութիւնը։»
«Որովհետեւ ես ազատ ժամանակ չունէի գրելու այս, ուրիշ տխմարներու տուի որ գրեն եւ ահա կը զղջամ։»
«Մինչեւ վարդավառի սաղմոսը գրեցի, ապա օրինակը ձեռքէս առին, մնացեալը մինչեւ վերջ ուրիշ օրինակէ գրեցի։»
«Մի մեղադրէք սխալներս, օրինակ չկար, շատ տառապեցայ օրինակի չգոյութեան պատճառով, հետեւաբար առնելով տետրակները հոս ու հոն մեծ աշխատանքով կը գրէի։»
«Ով եղբայրներ, մի մեղադրէք, գիտցէք որ ուրիշ օրինակ չկար, ասոր համար կիսակատար մնաց գործը, որովհետեւ ուրիշ օրինակ չէր կարելի ճարել, որովհետեւ այն տեղը ուր կը մնայի դժուարին վայր էր։»
«Սաղմոսին խօսքերը սաստիկ աղաւաղուած եւ խեղաթիւրուած են տխմար գրիչներու ձեռքին տակ եւ ուսումնասէրներու անփութութեան պատճառով ... եւ ինքնահամարձակ եւ ինքնավստահ անձերու պատճառով, որոնք բերանացի իմացութեամբ կը գրեն, առանց օրինակի։»

Ձեռագիրը պատրաստողին համար տառապանք է նաեւ սաստիկ ձմեռը
«Ձմեռնային ժամանակ է եւ հիւսիսային հողմը սաստիկ եւ տեղս լեռնային է։»
«Ընդօրինակութիւնը աշունէն մինչեւ զատիկ տեւեց ապա աւարտեցաւ. այսքան երկար տեւեց՝ խիստ ձիւնի եւ շատ ցուրտի պատճառով։»
ՙՁեռքիկս կը մսէր գրելու ժամանակ՚
ՙՇատ ցուրտ էր, ոտքս ալ ուռած էր՚
ՙԹանաքս կը սառէր՚
ՙԽիստ պաղ ձմեռ էր, կրակին դիմաց նստայ եւ գրեցի՚

Ամառուան եղանակը նոյնպէս դժնդակ կրնար ըլլալ գրչագրին համար
Աւարտելով իր գրութիւնը Հնդկաստանի մէջ գրիչ մը կը գրէ՝
ՙտապի եւ տօթի պատճառով կը պատահէր որ երկու կամ երեք ժամ կ’անշնչանայի։՚
ՙժամանակս ամառնային է եւ ճանճին չարիքը եւ խայթուածքը ստէպ էր. ո՜հ այս ճանճերու չարիքը։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.