2015-01-29 10:39:47

Խաչեր ու մարտիրոսներու անուններ գտնուած են Սաուտ Արաբիոյ անապատին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսացի եւ Սաուտ արաբիոյ խումբ մը հնախոյզներ, առաջնորդութեամբ Ֆրետերիք Իմպերթի` փրոֆեսոր Aix- Marseille համալսարանի, Սաուտ Արաբիոյ անապատին մէջ գտած են ժայռերու վրայ փորագրուած խաչեր, ասիկա նշան է քրիստոնեայ ողջ հասարակութեան մը ներկայութեան Ե դարուն։ Նոյնպէս շարք մը աստուածաշնչական ու քրիստոնեայ անուններ, հաւանաբար մարտիրոսներու անուններ նահատակուած միշտ Ե դարուն։
Փրոֆեսոր Իմպերթ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին ցուցադրեց Ժապալ Քաուքապի ժայռերու մէջ փորագրուած խաչերը ու անունները։ Փրոֆեսորին գնահատումով յայտնուած է խաչքարերն ու անունները կը նկատուին Արաբներու ամենահին գիրքը գրուած անապատի քարերու վրայ։ Անոնք կը նկատուին Արաբներու պատմութեան ու քրիստոնէութեան մէկ էջը, գրուած նախաիսլամական արաբ լեզուով։
Փրոֆեսոր Իմպերթի կարծիքով քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ չորրորդ դարէն սկսեալ պարսիկ ու ասորի քարոզիչներու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.