2015-01-29 10:32:20

Եգիպտոսի կառավարութիւնը հողամսեր շնորհած է նոր եկեղեցիներու շինութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի կառավարութիւնը ղպտի պատրիարքութեան տրամադրութեան տակ դրած է 30 հեկտար հող մը Գահիրէի ս. Մարկոսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ յարակից, կառոյցներու ու գրասենեակներու շինութեան համար։ Այլ երեք հողաշերտեր շնորհած է երեք եկեղեցիներու շինութեան համար` երկուքը օրթոտոքս ղպտիներուն եւ մէկը բողոքականներուն, մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերու մէջ։ Շինարարութեան նախարարութիւնը այս լուրը հաղորդելով մատնանշեց որ կառավարութիւնը կ՛ընդառաջէ քրիստոնեաներու հովուական իսկական պահանջներուն, յարգելով երկրի ներկայ շինարարութեան օրէնքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.