2015-01-28 09:49:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբերու դատի հայող հրամանագիրերը


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ, 22 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ` կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն ու հանդիպման ընթացքին արտօնութիւն շնորհեց հրատարակելու Սուրբերու դատի հայող հետեւեալ հրամանագիրերը.
Աստուծոյ աղախին՝ Մարիա Թէրէզա Քազինիի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։ Մարիա Թէրէզա եղած է հիմնադրուհին Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Օպլաթէ կոչուած մայրապետներու միաբանութեան։ Ան ծնած է Իտալիա` 27 հոկտեմբեր 1864ին. Իր մահկանացուն կնքած է` 3 ապրիլ 1937ին։
Աստուծոյ աղախիններ՝ Ֆիտէլիա եւ անոր երկու ընկերուհիներուն մարտիրոսութիւնը, որոնք՝ 29 օգոստոս 1936ին, Սպանական քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, սպաննուած են հաւատուրացութիւնը մերժելու պատճառաւ։
Աստուծոյ ծառաներ` Փիօ Էրէտիա եւ անոր 17 ընկերներուն ու ընկերուհիներուն մարտիրոսութիւնը, որոնք 29 օգոստոս 1936ին, Սպանական քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, ջարդուեցան իրենց քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալուն համար։
Աշխարհական դասէն, Աստուծոյ ծառայ Թշիմանկատօ Սամուէլէ Պենէտէթթօ Սաշվայի մարտիրոսութիւնը, որ անցեալ 2 փետրուար 1990ին, հարաւային ափրիկէի մէջ սպաննուած էր իր հաւատքը չուրանալուն համար։
Աստուծոյ ծառայ` Լատիսլաօ Պուքովինսքիի մարտիրոսական առաքինութիւնները։
Հայր Լատիսեաօ եղած է թեմական քահանայ։ Ծնած է Ուքրանիա` 22 դեկտեմբեր 1904-ին։ Վախճանած է 3 դեկտեմբեր 1974ին։
Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Շվարդցի մարտիրոսական առաքինութիւնը։ Եղած է թեմական քահանայ եւ հիմնած է Մարիա քոյրերու եւ Քրիստոսի եղբայրներու կոչուած կուսանաց միաբանութիւնը ։ Ծնած է Ամերիկա` 28 սեպտեմբեր 1930ին. Վախճանած է Ֆիլիփինի Մանիլա քաղաքին մէջ՝ 16 մարտ 1992ին։
Աստուծոյ աղախին Քոինթա Ժարէկուի Օսէսին, մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է Մարիա Տիրամօր միաբանութեան անդամ։ Ծնած է Սպանիա 8 փետրուար 1875ին եւ վախճանած է 17 յունուար 1954ին։
Աստուծոյ աղախին Թէրէզա Կարտիի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է աշխարհական եւ կը ծառայէր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի երրորդ կարգի միաբանութեան մէջ։ Ծնած` 22 հոկտեմբեր 1769ին եւ մահկանացուն կնքած է 1 յունուար 1837ին։
Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Թրէլլէս ի Նոկուէրոլիի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է աշխարհական եւ Սպանիոյ մէջ հիմնած է ''Գիշերային պաշտամունք'' կոչուած հիմնարկը։ Ծնած է Սպանիա` 20 օգոստոս 1819ին եւ վախճանած է 1 յուլիս 1891ին։.
Աստուծոյ աղախին Էլիզապէթթա Մարիա Սաթոքօ Քիթահարայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան մաս կը կազմէր հաւատացեալներու աշխարհական դասին։ Ծնած է Ճափոնի մէջ, 22 օգոստոս 1929ին եւ հոն վախճանած է 23 յունուար 1958ին։
Աստուծոյ աղախին Վիրճինիա Պլանքօ Թարտիոյի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան ծնած է Պոլիվիա՝ 18 ապրիլ 1916ին եւ մահացած է 3 Յուլիս 1990ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.