ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները
հիւսիսային Իրաք գտնուող Մուսուլ քաղաքի հայկական եկեղեցին հրկիզած են։ Հրկիզուածը հայկական
նոր եկեղեցին է, իսկ հին եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ: Լուրը հաստատուած է Իրաքի
Հայոց թեմին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նոր կառուցուած հայկական այս եկեղեցին,
երկու տարի առաջ, դեռ չբացուած՝ թալանուած եւ պայթեցուած էր: «Իսլամական պետութիւն»ը
2014ի Յուլիսին Մուսուլը գրաւեց եւ իբրեւ հետեւանք՝ քաղաքի հայերն ու քրիստոնեաները փախուստի
դիմեցին դէպի ապահով շրջաններ։