2015-01-28 09:17:27

Մալեզիա՝ Ալլահ բառը կարելի է գործածել Աստուածաշունչին մէջ եւ Սուրբ պատարագին ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բուռն բողոքին վրայ Մալեզիայի կառավարութիւնը արտօնեց Ալլահ բառին գործածութիւնը Աստուածաշունչին մէջ եւ սուրբ զոհին ընթացքին, յայտարարած է Գուալա Լամբուրի առաջնորդը՝ Թուլիան Լիու արքեպիսկոպոսը։ Ան հաւատացեալներուն ուղղած հովուական թուղթին մէջ կ'ընդգծէ, որ ներքին գործոց նախարարի պարտադրած սահմանափակումը հակա-սահմանադրական է։ Յայտնենք, որ Մալեզիան աւելի քան 28 միլիոն բնակչութիւն ունի, որուն 60 տոկոսը մահմետական է։
Քրիստոնէութիւնը երկրին երրորդ կրօնքն է, (պուտտայականները երկրորդ)։ Քրիստոնեաները կը հաշուեն աւելի քան 2,6 միլիոն։ 400 տարիք ունեցող Լատիներէն-մալեզէ բառարանը կը բացայայտէ թէ ինչպէս քրիստոնէութեան արշալոյսին` Ալլահ բառը տեղական բարբառով գործածուած էր Աստուածաշունչին մէջ։ Նշենք, որ Կուալա Լամբուրի բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 11 միլիոն, կաթողիկէները կը հաշուեն աւելի քան 180 հազար, 55 Քահանաներ, 154 կրօնաւորներ, եւ մէկ մնայուն սարկաւագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.