2015-01-27 12:34:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը 2015 թուականի Քառասնորդացին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 27 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հաղորդեց 2015 թուականի քառասնորդացի պատգամը։
Պատգամին բնաբանն էր՝ ''Ամրացուցէք ձեր սրտերը՚ (Յակ Ե. 8). Յորդոր մը, առնուած Յակոբոս Առաքեալի նամակէն։
քառասնորդացը եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար նորոգումի շրջան է՚ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նկատելով այդ ժամանակը իբր ''ընդունելի ժամանակ եւ փրկութեան օր'' (Բ. Կոր Զ. 2) ըստ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներու ուղղած խօսքին։
Աստուած մեզմէ ոչինչ կը պահանջէ, եթէ նախապէս մեզի համապատասխան շնորհք տուած չըլլայ։Յովհաննէս Առաքեալի նամակին մէջ կը կարդանք՝ ''Սիրենք զԱստուած, որովհետեւ ինք մեզ նախապէս սիրեց'' (Ա. Յովհ Դ. 19):
Աստուած մեզի հանդէպ անտարբեր չէ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը մօտ է Անոր սրտին, Ան մեզի հոգ կը տանի եւ մեզ կը փնտռէ երբ Իրմէ կը հեռանանք։ Իր անսահման սիրով՝ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։
Մենք ենք որ ուրիշներուն հանդէպ անտարբեր ենք։ Եսակենդրոն աշխարհի մը մէջ կարելի է ‘համատարած անտարբերութիւն’ մը տեսնել։ Մենք իբր Քրիստոնեաներ պէտք է դիմագրաւենք այս լուրջ հարցը։ Ընկերոջ հանդէպ անտարբեր ըլլալ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ հանդէպ անտարբերութեան կեցուածք ունենալ։
Քառասնորդացը առիթ մըն է՝ լսելու մարգարէներուն արթնութեան կոչը։
Աստուած այնքան սիրեց աշխարհ, որ իր որդին տուաւ մեր փրկութեան համար։՚ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ, մահով եւ յարութեամբ՝ վերջնականապէս կը բացուի դուռը Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ։ Եկեղեցին այն ձեռքն է, որ այս դուռը բաց կը պահէ՝ Աստուծոյ Խօսքի քարոզութեամբ, խորհուրդներու մատակարարումով եւ հաւատքի վկայութեամբ, որ իր ազդու արտայայտչականութիւնը կը գտնէ սիրոյ մէջ։ (Հմմտ. Գաղ Ե. 6) Սակայն աշխարհ կը միտի այդ դուռը փակելու։ Եկեղեցին պէտք չէ ընկրկի այդ միտումին դիմաց՝ եթէ նոյնիսկ մերժուի, ջախջախուի եւ վիրաւորուի։
Ուրեմն՝ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք նորոգուի անտարբերութեան մէջ չսայթաքելու համար։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ուշադրութիւնը հրաւիրեց երեք կէտերու վրայ, ուր պէտք է կատարուի նորոգումը՝ եկեղեցին, համայնքը եւ հաւատացեալ անհատը։

Ա. Նախ յառաջ բերաւ Պօղոս Առաքեալի խօսքը՝ ''Եթէ որեւէ անդամ ցաւ կը զգայ, անոր հետ ցաւ կը զգան բոլոր անդամները'' (Ա. Կոր ԺԲ. 26)։ – այստեղ յիշուած մարմինը Քրիստոս է, Քրիստոսի Եկեղեցին է։
Յիսուս մեզի սիրոյ մեծագոյն օրինակը տուաւ։ Պէտք է հետեւինք այդ օրինակին եւ սէր ցուցաբերենք մեր շուրջ գտնուող անձերուն հանդէպ։ Եկեղեցին սուրբերու հասարակութիւնն է, որովհետեւ սուրբերը մեզ կը պաշտպանեն, եւ որովհետեւ սրբազան իրողութեան վրայ՝ Աստուծոյ սիրոյն վրայ հիմնուած հասարակութիւնն է։ Միայն այն ժամանակ երբ Աստուծոյ մէջ խարսխուած ենք կրնանք ուրիշներուն սէր փոխանցել։

Բ. ''Ու՞ր է եղբայրդ'' (Ծննդ Դ. 9)։ – Համայնքը երկրորդ վայրն է, ուր պէտք է կատարուի նորոգումը։
Երբ կը խօսինք Եկեղեցւոյ մասին պէտք է նկատի առնենք ժողովրդապետութիւնն ու համայնքը։ Հոն միացած ենք աղօթքի մէջ, սիրոյ մէջ, որ գրաւականն է յաղթական եկեղեցւոյ, այսինքն սրբութեան։ բաղձանքս է, գրեց Սրբազան Պապը, որ մեր ժողովրդապետութիւններն եւ համայնքները վերածուին բարեգթութեան կղզիներու՝ անտարբերութեան ծովուն մէջ։՚

Գ. ''Ամրացուցէք ձեր սրտերը'' (Յակ Ե. 8) – Հաւատացեալ անհատը
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նպաստել անտարբերութեան բարձումին։ Անհրաժեշտ է
Աղօթքը՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թեմերու մէջ. Անհրաժեշտ է օգնութիւն մատուցանել կարօտեալին. Անհրաժեշտ է դարձի եւ ապաշխարութեան կատարումը ի տես տառապանքի։
Սրբազան Քահանայապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ՝ ''Գերազանցելու համար անտարբերութեան հոգին եւ մեր ամենակարութեան ձգտումը՝ կը խնդրեմ՝ որ քառասնորդացի շրջանը ըլլայ սրտի կազմաւորման ճանապարհ մը, ինչպէս կ’ ըսէր Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը։ Բարեգութ սիրտ ունենալ չի նշանակեր տկար սիրտ ունենալ։ Բարեգութ սիրտ ունենալ կը նշանակէ ըլլալ զօրաւոր, անյողդողդ, փակ փորձիչին դիմաց եւ բաց Աստուծոյ հանդէպ։՚
Ասոր համար կ’ուզեմ ձեր հետ աղօթել Յիսուսի՝ ''արա զսիրտ մեր ըստ քում սրտի''։՚









All the contents on this site are copyrighted ©.