Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսին հետ
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, երեքշաբթի, 26 յունուարին, հանդիպում ունեցած է Գարեգին
Բ ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին
հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն: Հանրապետութեան Նախագահը,
Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին
նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի` օրերս կայանալիք 2015 թուականի
անդրանիկ նիստէն առաջ, քննարկած են պետական յանձնաժողովի աշխատանքները եւ միջազգային
ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ, սփիւռքի մէջ հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողմէ
այդ աշխատանքներուն մասնակցութիւնը: Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ պետութիւն-եկեղեցի
յարաբերութիւններուն եւ սերտ համագործակցութեան, ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն
խնդիրներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն: