2015-01-27 09:11:50

Եգիպտոսի մէջ ցոյցերու հետեւանքով սպաննուած են ղպտի քրիստոնեաներ ու կործանուած են եկեղեցիներ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորս տարի առաջ, 25 Յունուար 2011-ին, վար առնուեցաւ նախագահ Հոսնի Մուպարաքի վարչաձեւը։ Չորրորդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցան մեծ ցոյցեր իսլամ եղբայրներու դրդումով Գահիրէի ու Եգիպտոսի զանազան քաղաքներու մէջ։
Բողոքի մեծ ցոյցերու ու տիրող անիշխանութեան հետեւանքով զոհերու մէջ կան գրեթէ երեք քրիստոնեայ ղպտիներ, ներառեալ 10 տարեկան Մինա Ռաֆաթ պատանին։
Ռմբակծութիւններ կատարուեցան Գահիրէի Ռափայէլ հրեշտակապետի նուիրուած եկեղեցւոյ դէմ։ Իսկ այլ քաղաքներու մէջ ապահովութեան ոյժերը փակեցին այն փողոցները որոնք դէպի եկեղեցիները կը տանին, կանխարգելով մահմետական խումբերուն` որեւէ յարձակում կատարել եկեղեցիներուն դէմ։
Կառավարական լրատու աղբիւրներու համաձայն զոհ գացած են 18 հոգիներ ու վիրաւորուած` աւելի քան 50 հոգի։








All the contents on this site are copyrighted ©.