2015-01-27 10:29:47

Ասատ պատրաստ է աջակցելու Հալէպի մէջ «սառեցուած գօտի»ին


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Ֆորէյն Ըֆերզ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են աջակցելու ՄԱԿի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրայի՝ Հալէպի մէջ «սառեցուած գօտի» ստեղծելու ծրագիրին, որպէսզի կարելի ըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել այդ շրջանին։ «Գաղափարը լաւ է, սակայն կախեալ է մանրամասնութիւններէն», ըսած է Ասատ։
Նշենք, որ Կիրակի օր, Մոսկուայի մէջ ընթացք առին Սուրիոյ հարցով իշխանութեան ու ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները, որոնք երկու փուլով տեղի պիտի ունենան՝ մինչեւ Յունուար 29։







All the contents on this site are copyrighted ©.