2015-01-26 12:29:20

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի պարսկերէն լեզուի թարգմանութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Իրանի Քոմ քաղաքի Կրօններու եւ Դաւանանքներու Համալսարանի նախաձեռնութեամբ կատարուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի պարսկերէն լեզուի առաջին թարգմանութիւնը։
Պարսկերէնը աւելի քան 75 միլիոն ժողովուրդի մայր լեզուն է։
Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հաւատքի տարւոյն առիթով, որ կը տարածուէր մէկ տարուայ ժամանակամիջոցին վրայ՝ սկսեալ 2012ի հոկտեմբերի 11էն, կոչ կ’ուղղէր ընթերցելու Քրիստոնէականը, ուր՝ ըստ Սրբազան Քահանայապետին ՙերեւան կու գար Եկեղեցւոյ ուսուցման հարստութիւնը։ Եկեղեցին հաւաքած եւ պահպանած է այդ հարստութիւնը եւ մատուցած հաւատացեալներուն իր 2000ամեայ պատմութեան ընթացքին։՚
2011 թուականին լոյս կը տեսնէր Քրիստոնէականի հակիրճ տարբերակը, կոչուած YouCat, որ ուղղուած էր երիտասարդ հաւատացեալներու։ Այնտեղ ալ Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ կը յորդորէր՝ ՙուսումնասիրեցէք քրիստոնէականը ջերմ ցանկութեամբ եւ յարատեւութեամբ։ Զոհեցէք ձեր ժամանակը անոր ընթերցումին։ Ուսումնասիրեցէք զայն ձեր սենեակի անդորրութեան մէջ, կարդացէք զայն միասնաբար բարեկամներու հետ, կազմեցէք ուսումնասիրութեան խմբակներ եւ ցանցեր, բաժնեկցեցէք ձեր գաղափարները համացանցի վրայ։ Ձեր հաւատքի ճշմարտութիւնները միշտ երխօսութեան նիւթ ըրէք։՚
Զանազան կրօնքներ ունին տարբեր հաւատալիքներ, սակայն եւ այնպէս կրնան միասնաբար վկայութիւն տալ Աստուծոյ գոյութեան, որ է Արարիչ եւ Տէր ամբողջ տիեզերքի եւ Փրկիչ մարդկան։ Սակայն պէտք է միշտ զգուշանալ հաւատալիքներու միաձուլումէ։ Կրօնք մը միշտ պէտք է պահէ իր իւրայատուկ նկարագիրը։ Այս առընչութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը կը ծառայէ ինքնաճանաչումի, ինչպէս նաեւ ինքզինք արժանահաւատ կերպով ծանօթացնելու ուրիշներուն։ Քրիստոնէականի պարսկերէն թագմանութիւնը պիտի ծառայէ այս առաքելութեան՝ պարսկախօս ժողովուրդներու մէջ։
Յիշենք, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը լատիներէն բնագրէն հայացուցած է Հ. Մեսրոպ Ճուրեան բազմավաստակ հոգեւորականը։ Մօտ 1400 էջանոց այդ հատորը հրատարակուած է 1997ին Վատիկանի Տպարանէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.