2015-01-26 11:54:34

Թուրքիա Քրիստոնեաները Ճնշող երկիրներու շարքին։


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Էլմաս Թօփճու կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը, թէեւ տեւաբար դժգոհութիւն կը յայտնէ Արեւմուտքի մէջ օր ըստ օրէ թափ ստացած իսլամներու հանդէպ որդեգրուած իսլամատեաց քաղաքականութեան դէմ, այնուհանդերձ, Թուրքիա երեք տարի ետք դարձեալ մաս կազմած է քրիստոնեաները ճնշումի տակ պահող երկիրներու ցանկին, իր որդեգրած «ազգայնապաշտ իսլամականութեան» վարչաձեւին եւ քաղաքական քայլերուն պատճառով։
Գերմանիոյ Քելքհայմ քաղաքը գտնուող «Օփըն Տորզ» անունով մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակած է իր նորագոյն տեղեկագիրը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին քրիստոնեաներու պարզած կացութեան մասին՝ հիմնուելով 2014ի տուեալներուն վրայ։ Այս տեղեկագիրին համաձայն՝ 100 միլիոն քրիստոնեաներ, իրենց կրօնքին պատճառաւ ճնշումի կ՛ենթարկուին աշխարհի տարածքին։
Քրիստոնեաները առաւելագոյն չափով ճնշումի տակ պահող երկիրներու շարքի առաջին գիծին վրայ կու գայ Հիւսիսային Քորէան։ Կ՛ենթադրուի, որ այս երկրին մէջ 200-400 հազար քրիստոնեայ ծածուկ կը պահէ իր կրօնքը։ Ապա կու գան Սոմալիան, Սուրիան, Իրաքը եւ Աֆղանիստանը։
Թուրքիա 50 երկիրներ ունեցող ցանկին մէջ 41րդ դիրքը կը գրաւէ։
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ նախքան «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքը, Սուրիոյ մէջ 1.8 միլիոն քրիստոնեայ կ՛ապրէր, իսկ հիմա այդ թիւը իջած է 1.1 միլիոնի։ Կ՛ըսուի նաեւ, որ այդ քրիստոնեաներուն մեծ մասը ներկայիս իր երկրին մէջ ունի գաղթականի կարգավիճակ։
Գերմանիոյ Քրիստոնեայ միութեան կուսակցութիւններու կրօնական քաղաքականութեան բանբեր Ֆրանց Ժոզէֆ Եունկ այս նիւթին մասին ըսած է. «Եթէ լուսարձակի տակ առնենք կրօնական ազատութիւնը բռնաբարող երկիրները, կը տեսնենք, թէ այդ երկիրներուն մէջ ընդհանուր առմամբ կը բռնաբարուին նաեւ մարդկային իրաւունքները»։







All the contents on this site are copyrighted ©.