2015-01-24 09:30:47

Սրբութեան առաքինութեամբ օժտուած կրօնաւորը


Ճշմարիտ կրօնաւորը պարտաւոր է վարել ամէն տեսակ առաքինութիւններով լի կեանք մը, որպէսզի իր ներքինը ըլլայ այն ինչ որ արտաքինն է, մարդոց առջեւ:
Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ թէ քրիստոնեաները աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ` ընտրուած են, որպէսզի ըլլան սուրբ, անարատ:
Հին կտակարանին մէջ` Աստուած կը հրամայէ ժողովուրդին ըսելով. «Սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ սուրբ եմ ես` ձեր Տէր Աստուածը:
«Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ « Սուրբ, Սրբութիւն եւ Սրբել բառերը գործածուան են աւելի քան 1200 անգամ, այսինքն` միջին հաշուով գրեթէ մէկ անգամ Սուրբ Գիրքի ամէն մէկ էջին վրայ»:
Սրբութիւնը մեծ առաքինութիւն մըն է, զոր ամէն օր կը նորոգուի առաջանքներով: Կրօնաւորին ու իւրաքանչիւր առօրեայ մտահոգութիւնը հետեւեալը պէտք է ըլլայ.« Աստուած իմ, օգնէ ինծի գործադրելու բարի առաջադրանքներս եւ սրբութեամբ ծառայեմ քեզ: Տուր ինծի բոլոր գործերս լաւ կատարելու շնորհքը, որպէսզի միշտ քու փառքդ փառաւորեմ»:
Մեր Տէրը Յիսուս քրիստոս որ տիպարն էր սրբութեան, քարոզեց. «Եղէք կատարեալ, ինչպէս կատարեալ է ձեր Հայրը` որ երկինքն է»:
Կրօնաւորը այն անձն է որ կը զատուի մարդոցմէ` ըլլալու համար ապրող Քրիստոս մը, սուրբ մը, ինչպէս կը հաստատէ Յովհաննէս Առաքեալ . « Աստուած իր Որդին ղրկեց, որպէսզի Անոր միջոցաւ կեանք ունենաք»:
Յովհաննէս առաքեալ կ՛ըսէ. « Մի՛ սիրէք աշխարհը եւ անոր մէջ եղածները: Ով որ աշխարհը կը սիրէ, անծանօթ է Աստուծոյ սիրոյն: Աշխարհի մէջ եղածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մարմնի ցանկութիւն, աչքի ցանկութիւն եւ երկրաւոր կեանքի ամբարտաւանութիւն, որոնք չեն բխիր Հօրմէ, այլ աշխարհէն: Պիտի անցնին թէ՛ ամխարհը եւ թէ՛ իր ցանկութիւնները: Բայց ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեանս պիտի մնայ»:
Մարդիկ կան, որոնք դիւցազնական կեանքով` հասած են սրբութեան, գործած են հրաշքներ, տեսած են ապագան, կարդացած են սրտեր: Այդ դիւցազնական կեանքը` Աստուած չի պահանջեր բոլորէն. բայց բոլորէն կը պահանջէ, որ ապրին Աստուծոյ շնորհքով, հեռանան մեղքէն` որ մահն է հոգիներու, գործադրեն Աստուծոյ եւ Ս. Եկեղեցւոյ պատուիրանները, կատարեն իրենց պարտականութիւնները` սիրով, Աստուծոյ շնորհքին մէջ, այն շնորհքին` զոր ընդունած են մկրտութեամբ, սուրբ աւազանին մէջ, զոր եթէ կորսնցուցած են` ունին միջոցը վերագտնելու ապաշխարհութեամբ:
Սուրբերը, զորս կը մեծարենք խորաններու վրայ, պարզ մարդիկ էին, մարդկային տկարութիւններով հանդերձ, բայց գործակցեցան Աստուծոյ շնորհքին եւ հասան սրբութեան:
«Վստահիլ Աստուծոյ եւ բարեգործել»: Այս է կրօնաւորական կեանքի բնաբաններէն մէկը: Դժուարութիւններուն վախն ու պայքարելու հեռանկարը շատերուն սրտերուն մէջ կը մառեցնեն սրբութեան կեանքին մէջ յառաջանալու եռանդը: Մինչդեռ սրբութեան առաքինութեան մէջ կը յառաջանան անոնք, որոնք դժուարութեան պահուն իրենց անձը կը մահացնեն:
Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք այս աշխարհի համար կ՛ատեն իրենց անձը, որպէսզի ժառանգեն զայն յաւիտենական կեանքին մէջ:
Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք աղքատ են երկրաւոր ինչքերով, սակայն հարուստ` շնորհքով եւ առաքինութիւններով:
Սուրբերը այն մարդիկ են նաեւ, որոնք օտարականներ են աշխարհին, բայց միացած են Աստուծոյ եւ Անոր մտերիմ բարեկամներն են:
Կրօնաւորներն ուրեմն կ՛ուխտեն իրենց կամքը հպատակեցնել Աստուծոյ կամքին: Աստուծոյ կամքը մի է` ապրիլ սրբութեամբ եւ արդարութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.