2015-01-24 10:59:32

ՄԱԿը քննած է մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ Հայաստանի զեկոյցը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժընեւի մէջ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Համընդհանուր պարբերական դիտարկման աշխատանքային խումբի 21րդ նստաշրջանին ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի երկրորդ պարբերական զեկոյցը՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի ձեռքբերումներուն եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ:
«Զեկոյցի քննարկումն անցաւ կառուցողական երկխօսութեան մթնոլորտում: Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարը ներկայացրեց զեկոյցը, մարդու իրաւունքների բնագաւառում Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարման ընթացքը՝ օրէնսդրական եւ պրակտիկայում արձանագրուած բարեփոխումները, Հայաստանի կողմից ձեռնարկուած եւ նախատեսուող քայլերը: Պատուիրակութեան անդամները ներկայացրին իրենց բնագաւառներին վերաբերող իրավիճակը, կատարուած ու նախատեսուած աշխատանքները», յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը պատասխանած է ՄԱԿի անդամ երկիրներուն կողմէ բարձրացուած գրաւոր ու բանաւոր հարցումներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է ներկայացուած այլընտրանքային զեկոյցներուն մէջ արծարծուած խնդիրներուն:
Համընդհանուր պարբերական դիտարկման Հայաստանի զեկոյցի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցած են 71 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Զեկոյցի քննարկման պիտի յաջորդեն երկիրներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն եւ զեկոյցի ընդունումը







All the contents on this site are copyrighted ©.