2015-01-24 09:39:26

Կիրակի օրուայ աւետարանական ընթերցում.
Յովհ. 6, 15-21


15 Ամէն ինչ որ Հայրը ունի` ի՛մս է. ուստի ըսի ձեզի թէ պիտի առնէ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի”:
16 “Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ պիտի տեսնէք զիս, քանի որ ես կ'երթամ Հօրը քով”:
17 Ուստի աշակերտներէն [ոմանք] կ'ըսէին իրարու. “Ի՞նչ է ասիկա, որ կ'ըսէ մեզի. “Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ պիտի տեսնէք զիս”: Նաեւ. “Քանի որ ես կ'երթամ Հօրը քով”“:
18 Ուրեմն կ'ըսէին. “Ի՞նչ է ասիկա` որ կ'ըսէ. “Քիչ մը ատենէն”. չենք գիտեր ի՛նչ կը խօսի”:
19 Ուստի Յիսուս, գիտնալով թէ կ'ուզեն հարցնել իրեն, ըսաւ անոնց. “Զիրա՞ր կը հարցափորձէք, քանի որ ըսի. “Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ պիտի տեսնէք զիս”:
20 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը պիտի փոխուի ուրախութեան”:
21 Կին մը տրտմութիւն կ'ունենայ ծննդաբերութեան ատեն, որովհետեւ իր ժամը հասած է. բայց երբ ծնանի մանուկը` ա՛լ չի յիշեր տառապանքը, ուրախանալով որ մարդ մը ծնաւ աշխարհի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.