2015-01-23 08:38:21

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորը ոչ եւս է։


Երէկ կէս գիշերէն ետք Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կնքեց իր մահկանացուն` 91 տարեկանին:
Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայանները ընդհատեցին իրենց յայտագիրները եւ սկսան սփռել քորանէն հատուածներ:
Ապտալլա թագաւորին մահուան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր նշանակուեցաւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը, իսկ գահաժառանգ` Մուքրեն Պըն Ապտել Ազիզ իշխանը: Նոր` 7-րդ թագաւորը 79 տարեկան է: 2012 թուականէն ի վեր ան երկրի պաշտպանութեան նախարարն էր, մինչ այդ եղած է Air-Riad մայրաքաղաքային նահանգի նահանգապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.