2015-01-23 08:27:09

Աշխարհի 31 երկրի երիտասարդներու 77 առ հարիւրը 1915-ին Հայոց Կոտորածները որակած է իբրեւ ցեղասպանութիւն։


Երիտասարդներու մօտ կատարուած հարցախոյզի մը ընթացքին իւրաքանչիւր երկուքէն մէկը (47 առ հարիւր) յայտնած է, որ յարաբերականօրէն լաւ կամ շատ լաւ կը ճանչնայ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն հրեաներու Ողջակիզումի պատմութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am.
31 երկիրներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները Չորեքշաբթի օր ներկայացուած են Փարիզի մէջ: Հարցախոյզին մասնակցած են 16-29 տարեկան 31,172 երիտասարդներ` 23 եւրոպական երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիայէն, Քանատայէն, Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հնդկաստանէն, Իսրայէլէն, Ճափոնէն եւ Թուրքիայէն:
Ընդհանուր առմամբ` 10 երիտասարդներէն 9-ը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» նկարագրած են Եւրոպայի մէջ հրեաներու ոչնչացումը: Անոնց 77 առ հարիւրը նոյն որակումը տուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին կատարուած հայոց կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ` 76 առ հարիւրը նոյնը ըսած է 1994-ին Ռուանտայի մէջ թութցիներու կոտորածներուն մասին:
Վերջաւորութեան երիտասարդներուն 57 առ հարիւրը յայտնած է այն կարծիքը, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմը տեղի պիտի ունենայ «յառաջիկայ տարիներուն», կարծիքներու 35 առ հարիւրին համաձայն, այդ պատերազմը տեղի պիտի ունենայ Ճափոնի մէջ, իսկ 86 առ հարիւրին համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.