2015-01-22 08:34:37

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի տպաւորութիւնները Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի առաքելական ճամբորդութեան մասին:


Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղար`Կարդինալ Փարոլին արտայայտուելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին ըսաւ. ''Բացի Սրբազան Քահանայապետին սիրալիր մեծարանքին, կղերին ու հաւատացեալներու ներկայութեամբ տօնախմբել իմ ծննդեան 66-րդ տարեդարձը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը նոր սլացք մը ունեցաւ։ Ինծի համար ամենագեղեցիկ եւ յուզիչ դէպքը եղաւ ականատես ըլլալ ժողովուրդին ու հաւատացեալներուն ինքնաբուխ ու սրտոտ մասնակցութեան ու անոնց ցուցաբերած սիրոյն հանդէպ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Գալով ինծի չեմ կրնար մոռնալ այն ինչ որ տեսայ Թաքլոպան եւ Փալօյի մէջ, հակառակ իրեն կրած աղէտին, ժողովուրդը սերտօրէն կապուած է իր հաւատքին։ Հաւատք մը որ զիս հարստացուց, ամոքեց ու քաջալերեց։ Այս ժողովուրդին հաւատքը աւելի հզօր է քան մրրիկը։
Խօսելով ապա Սրի Լանքայի ճամբորդութեան մասին Կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ ''Եկեղեցին այդ հողին վրայ փոքրամասնութիւն մըն է սակայն անոր վկայութիւնը ու սատարը երկրին բարգաւաճումին ի սպաս զգալի է եւ գնահատուած պետութենէն ու բնակչութենէն''։
Խօսելով Աստուծոյ անունի շահագործումի մասին, կարդինալ Փարոլինը ըսաւ. ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խստիւ դատապարտեց ահաբեկչութիւնը ու կրօնքի չարաշահութիւնը։ Ան յաճախ իսլամ կրօնապետերէն խնդրեց որ բացայայտօրէն արտայայտուին, դատապարտեն կրօնքի չարաշահումը ու ցոյց տան իսլամութեան հանդուրժող, խաղարար ու յարգալիր դիմագիծը։ Ճիշտ է որ ոմանք համաձայն չեն երկխօսութեան հաստատումին` ծայրայեղներու հետ, ինչպէս կը հրաւիրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, սակայն քրիստոնէութեան առաջին դարերուն ս. Ինքնատիոս Անտիոքացին կ’ ըսէր` '' խաղաղութիւնը կ’ ապազինէ նիւթական ու հոգեւոր թշնամիները։
Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը խօսեցաւ հուսկ Չինաստան-Վատիկան յարաբերութիւններու մասին։ Դրական նշանները խոստումնալից կը թուին -ըսաւ Ան - մատնանշելով թէ ''այս երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետին կ’արտօնուի Չինաստանի հողերու վրայէն անցնիլ։ Կը յուսանք, կ’աղօթենք եւ կ’աշխատինք որպէսզի, երբ Տէրը կամենայ, պատրաստ ըլլանք այդ հանդիպումին` ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ։ Վստահաբար այդ մեծապէս շահաւէտ պիտի ըլլայ Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անոր ներքին կեանքին ու կատարելիք դերին համար, որպէս աւետարանական թթխմոր` այդ մեծ ու ազնիւ ընկերութեան մէջ, երկրին համար ու համայն աշխարհի խաղաղութեան ի շահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.